ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթին, որ այցելեց Անգարա։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի Լիբանանէ ներս «Հիզպուլլահ»ի դէմ յարձակումերը։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին պաշտօնապէս չէ արձագանգած տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ առաջարկներուն։
Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի 8-րդ նախարարական հաւաքը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանը՝ քրիստոնեայ բնակչութեամբ ժողովրդավարութիւն, Ռուսաստան-Իրան մրցակցութեան կեդրոնին:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան գործնականօրէն դուրս եկած է ՀԱՊԿ-էն եւ այդ կառոյցը կը լքէ, երբ թոյլտուութիւն ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ «Պարզ է, թէ ուր կ՚երթայ Հայաստան», ըսաւ ան։
Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմով յայտարարեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յաջողութեամբ կ՚ընթանան դէպի երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում։
Ստեղծուած ծրագիրը համակարգիչի պաստառի վրայ հայերէն թեքստը կը վերածէ բանաւոր խօսքի:
«Շուշիի հռչակագրով Անգարա եւ Պաքու պարտաւոր են իրարու օգնելու՝ արտաքին սպառնալիքի կամ յարձակման պարագային»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանին։
Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի բանակի նախարար Սեպաստիան Լըքոռնիւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։