ԿԱՌՈՒՑԵԼ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս վստահութեան կառուցումը կը մնայ էական։ Անգարա-Երեւան առանցքի ապագան խօսակցութեան նիւթ կը դառնայ նոյնիսկ անձնական զրոյցներու ժամանակ։ Հայաստանի խնդիրներ, ներքին իրադարձութիւններ, լարուածութիւնն ու ամենակարեւորը՝ երկրի անվտանգութեան եւ ապագայի հարցը։ Իսկապէս, թէ՛ աշխարհով մէկ տարածուած եւ թէ Հայաստանի բնակիչ շարքային հայը այսօր չէ մտահոգուած երկրի ապագայով։ Հայաստան կը դիմագրաւէ բաւական դժուար ժամանակներ։ Մէկ կողմէ պատերազմի պարտութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ այնքան սպասուած, բայց եւ այնպէս, ցարդ չերեւցած խաղաղութիւնը վիճակը դարձուցած են շատ փխրուն։ Կայ տեսութիւն մը, ըստ որու՝ այսօր չկայ այնպիսի լուրջ խնդիր մը, որ Ատրպէյճանի միապետ-նախագահին պիտի շնորհէ նոր պատերազմ մը հրահրելու իսկական պատճառ մը։ Սա որեւէ ձեւով հանգստութիւն չի կրնար բերել, որովհետեւ «հարեւան» Ատրպէյճանի պատերազամական խօսոյթը կը մնայ նոյնը։ Ատրպէյճան կը շարունակէ խորհիլ, թէ յաղթական դուրս եկած է 2020 թուականի թէժ պայքարէն ու ատոր համար ալ ունի իրական իրաւունք՝ ամէն ինչ ընելու։ Հետեւաբար, Ալիեւն ու շրջապատը որդեգրած են՝ «լուծումներ միայն պատերազմի գնով ու միջոցով» մօտեցումը, որով կը շարունակեն ամէնօրեայ դրուածքով խօսիլ անընդունելի պայմաններ յառաջ քշելու կամ թելադրելու մտասեւեռումով։ Այս մեծ պարունակին մէջ են, անշուշտ, «Արեւմտեան Ատրպէյճան» մօտեցումը, «Զանգեզուրի միջանցք»ը, հազարաւոր աատրպէյճանցիներ Հայաստան վերադարձնելու հարցը, մինչեւ իսկ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու խնդիրը։
Այս միջանկեալ նկարագրականէն ետք, անշուշտ, խնդիրը ունի խորքային բովանդակութիւն մը, որու եզրագիծը կը գծուի Հայաստանի առկայ բարդ վիճակով՝ հասնելով ապագայի ամենախորունկ հարցադրումներուն եւ այդ առումով ալ հաւաքական ընկալումներուն, մօտեցումներուն եւ ընդհանրական դիրքորոշումներուն։ Հարցը, անշուշտ, հռետորական չէ, այլ գոյաբանական…
Ի վերջոյ, տեղ մը բոլոր հայերուն համար ցանկալի է, որ Հայաստան դառնայ զօրեղ պետութիւն մը՝ հզօր տեսլականով, ամուր սահմաններով, արդի բանակով, զարգացած հասարակութեամբ եւ ժամանակակից տեսլականով։
Եւ այս բոլորը կրնան ագուցուիլ մի միայն մէկ հարցադրումի պատասխանով. ինչպիսի՞ դեր ու դերակատարութիւն կ՚ուզէ ունենալ Հայաստանն ու հայութիւնը։ Այստեղ, անշուշտ, զուգահեռաբար կը ծագի, կը մեծնայ եւ կ՚ուռճանայ ինքնաճանման գրաւականը, տարածաշրջանը ճանչնալու ընդունակութիւնը եւ ճիշդ գնահատականներու անհրաժեշտութիւնը։
Հայութիւնը, առաւելաբար, նաեւ ի մասնաւորի՝ Հայաստանը իրաւունք չունի ապրելու երազներով եւ զբաղելու երազախաբութեամբ։ Ու այնքան ատեն, որ չեն գործեր ու հիմք չեն դառնար այս մօտեցումները՝ Հայաստանն ու հայութիւնը պիտի շարունակէ շատ սուղ գին մը վճարել։ Թերեւս նոյնիսկ սպառած ըլլայ այդ «թանկ» գին վճարելու երեւոյթը, երբ լինել-չլինելու լրջագոյն պահը իսկապէս հասնելու վրայ է։ Հետեւաբար, Հայաստան լաւ պէտք է հասկնայ իր հարեւաններուն կարգավիճակը ու այդ բոլորը ճիշդ իմանալէ ետք՝ պէտք է փորձէ թիավարել ու նաւարկել դէպի ապահով ջուրեր ու ժամանակներ։
Այդ հարեւաններէն ամենակարեւորը Թուրքիան է, որուն հետ Հայաստանն ու հայութիւնը պարտաւոր են առերսուիլ եւ հասկնալ, թէ ի՞նչ հունի մէջ է այդ երկիրը։ Ամենակարեւորը՝ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի Հայաստան դուրս գայ «ռիսքի գօտի» մը ըլլալու մեծ խաղէն, զոր հնարածները վստահօրէն չեն փափաքիր, թէ երկիրը դառնայ կայուն եւ հզօր։
Այստեղ պատմական դառնութիւններու, դժուարին փորձառութիւններու մասին խօսք չկայ, ոչ ալ խօսք կայ անցեալը ինչ-որ կերպով հերքելու կամ այդ անցեալին վրայ շպարող թաղանթ մը նետելու մասին։ Արդարեւ, սա իսկապէս արթնութեան կոչ մըն է, որուն հիմքով կարելի պիտի ըլլայ կառուցել նոր, արդիական եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ։
Այլապէս, Հայաստանի ապագան մութ է, ճակատագիրը մթագնած։ Մինչեւ վերջերս Հայաստան կը վստահէր Ռուսաստանին, որպէսզի իր «հարցերը լուծելու համար»՝ լուծէ նաեւ իր խնդիրները։ Բայց, այսօր այդ Ռուսաստանը գրեթէ չկայ։ Կայ նոր տեսակի Ռուսաստան մը, որ վայրի դրամատիրութեան կանոններով կ՚առաջնորդուի. բան մը, որուն հիմնական եւ գլխաւոր գաղտնաբառն է շահը։
Այս բոլորը ծանօթ է, գիտէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, գիտէ Եւրոպան, գիտէ հակամարտութեան ճիրաններու մէջ ինկած Ուքրայնան եւ գիտէ մանաւանդ՝ Թուրքիան, որ շատ լաւ կը հասկնայ, թէ Հայաստանի ձեռքով տաք շագանակաները կրակէն հանելու Ռուսաստանի միտումները այլեւս չեն աշխատիր։
Ուրեմն, վերջնական հանում-գումարում մը ընելէ անդին, այս բոլորը ճիշդ դիտարկելէ ետք, հարկ է աւելի խորունկ եւ աւելի մանրազնին հայեացքով դիտել Հայաստանի շուրջ ընթացող դէպքերը, ճիշդ դատել, առնել կարեւոր որոշումներ ու որդեգրել կեցուածքներ, որոնք խթան պիտի հանդիսանան, որպէսզի երկու հարեւանները կարողանան նախ եւ առաջ կառուցել վստահութեան կամուրջներ։
Այս դիտարկման համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ չի բացառուիր, թէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի Թուրքիոյ մէջ։ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի օրերուն ան ըսած էր այս բանը։ «Երբեմն մեզի կը թուի, որ Ատրպէյճան պարզապէս չ՚ուզեր խաղաղութիւն կառուցել Հայաստանի հետ», ըսած էր Միրզոյեան։
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ գործերը որքան որ ալ լաւ ընթանայ՝ ամբողջութեամբ աւարտին չեն կրնար հասնիլ, եթէ Երեւան-Պաքու կարգաւորումը լիովին իրականացուած չըլլայ։ Սա է, որ կը վերահաստատուի իւրաքանչիւր քայլափոխին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան