ՎԵՐՋԻՆ ԱՄՐՈՑԸ

Այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան սուր եւ ծայր աստիճան լարուած գործընթացներ, որոնց աղմուկը հասած է մինչեւ միջազգային հարթակներ։ Փաշինեանն ու իր զուգընկերուհին հռետորական ուժգին արշաւ սկսած են ընդդէմ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականութեան։ Ընդ որում՝ անթոյլատրելի եզրաբանութեամբ ու անպարկեշտ բառապաշարով, ինչ որ յարիր չէ բարձրաստիճան պաշտօնեային, առաւել եւս՝ պետութեան առաջին դէմք հանդիսացող անձին։ Ան ալ այս իսկ խօսոյթի նախաձեռնողն էր եւ անընդհատ «կրակին իւղ լեցնողը», երբ նիւթը խիստ զգայուն է ու կ՚առընչուի Եկեղեցւոյ՝ մեր ազգային ինքնութեան յենասիւներէն մէկուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի։

Ամէն ինչ սկսաւ այն բանէն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը մայիսի 29-ին կառավարութեան նիստի ժամանակ քննադատեց եկեղեցիներու վիճակը՝ համեմատելով զանոնք «աղբով լի չուլաններու» հետ։ Սրբապղծութիւն է, անշուշտ, նման որակումը եւ հոգեւոր դասու շարք մը ներկայացուցիչներ, ինչպէս հարկն է, արձագանգեցին չափը անցած գործադիր ղեկավարին՝ զսպուածութեան կոչ ուղղելով անոր։ Բայց, Փաշինեանն ու իր հետ համատեղ բնակող տիկինը յաջորդ օրն իսկ ընկերային ցանցերու վրայ տարածեցին աւելի յանդուգն որակումներ՝ կուսակրօն հոգեւորականներէն մէկը մեղադրելով քեռկնոջ հետ սեռական կապի, իսկ միւսը՝ մանկապղծութեան համար։ 

Այնուհետեւ, վէճը աւելի բորբոքուեցաւ՝ ընդլայնելով իր տեսածիրն ու ներառելով իր մէջ իշխող կուսակցապետի ու անոր զուգընկերուհիի անբարոյ վարքագիծը արդարացնող ՔՊ-ական անհայրենիք զանգուածն ու վճարովի «ֆէյքերը», որոնք սկսան մաղձ ու ատելութիւն տարածել հայոց եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւոր սպասաւորներու հասցէին։ Փաշինեան-Յակոբեան զոյգը, այդպիսով, որոշակի ստորակարգ խումբերու աջակցութեամբ եւ իրենց կողմէ հովանաւորուող քարոզչամիջոցներով կը փորձէին ինչ-որ չափով համակշռել հանրութեան բուռն վրդովմունքը։ Բայց հարց կը ծագի՝ այս ի՞նչ մեղու խայթեց իշխող զոյգին, ինչո՞ւ յանկարծ այսքան ցած իջան՝ թէեւ «բարձրի վրայ» երբեք չեն ալ եղած։ 

Շաբթուայ ժամանակագրութիւնը այս հարցերուն, կարծես թէ, սպառիչ պատասխան կու տայ։ Մայիսի 26-28-ին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Զուիցերիոյ մէջ էր եւ կը մասնակցէր իր առաջարկով Պեռնի մէջ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ու Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ կազմակերպած միջազգային համաժողովին, որ կը կրէր՝ «Կրօնական ազատութիւն. Հայկական հոգեւոր-մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի մէջ (Լեռնային Ղարաբաղ)» խորագիրը։ Վեհափառ Հայրապետը խօսած է Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան, էթնիք զտումներու եւ Արցախի բռնազաւթման մասին, քննադատաբար արծարծած հայկական յուշարձաններու, քրիստոնէական սրբավայրերու, բնակատեղիներու ոչնչացման եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու շուտափոյթ տունդարձի խնդիրները։ 

Իրականութեան մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Պեռնի մէջ ըրած է այն, ինչին ի պաշտօնէ պարտաւոր է, բայց, չ՚ըներ կառավարութիւնը՝ զգուշանալով Ալիեւի բարեհաճութիւնը կորսնցնելու եւ մօտեցող ընտրութիւններուն ընդառաջ առանց խաղաղութեան մնալու մտավախութենէն։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը խառնեց Փաշինեանի հաշուարկները, տրորեց Ալիեւի «ոտքը», ուստի եւ չներուեցաւ։ Հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձը Կաթողիկոսի պաշտօնական գործունէութիւնը կասեցնելու միջոցներ կը փնտռէ. բան մը, որու իրաւասութիւնը չունի։ Մայիսի 31-ին եւ յունիսի 2-ին ան «դիմատետր»ի իր էջին մէջ ըրաւ հայոց եկեղեցւոյ հասցէին շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք թէ՛ վիրաւորական են եւ թէ ուղղակի միջամտութիւն Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն։

Փաշինեանը՝ թէկուզ Սահմանադրական կարգի տապալման գնով, պատրաստ է վերցնել իր իշխանութեան սպառնացող որեւէ խոչընդոտ։ Ան իւրացուցած է իշխանութեան բոլոր առանցքային ճիւղերն ու հաստատութիւնները. ինչպէս՝ Ազգային ժողովը, Սահմանադրական դատարանը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, ոստիկանութիւնը, բանակը, նախագահականը, դատաիրաւական համակարգը եւ այլն։ Հերթը հասած է Եկեղեցիին՝ վերջին ամրոցը, որ արդէն եօթ տարի միայնակ կը դիմակայէ իշխանութեան ճակատէն հնչող ճամարտակութիւններուն։ Բոլորիս պարտքն է՝ զինուորագրուիլ սրբազան պայքարին, կանգնիլ Վեհափառ Հայրապետի կողքին։ Վերջին ամրոցը, վերջին խրամատը պէտք է պաշտպանենք ազգովի, պաշտպանենք կրծքով։ Այլապէս, սերունդները մեզ չեն ներեր։

Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի

Չորեքշաբթի, Յունիս 11, 2025