Լրահոս

ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎ. «ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ԿԷՏԵՐԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻՆ»

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ առկայ չլուծուած հարցերու թիւը նուազած է։

ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՐՋ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան եւ Վրաստան որոշած են միասնաբար դիմել ՖԻՖԱ-ին՝ 2029 թուականին նախատեսուած ֆութպոլի համաշխարհային երիտասարդաց առաջնութիւնը կազմակերպելու համար։ Եթէ այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուի, ապա այս երկու հարեւան երկիրները միասնաբար պիտի հիւրընկալեն յիշեալ կարեւոր մրցաշարքը։

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԱԾ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԾԵՐ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին մասին, որոշ անյստակ բաժին ունի: Նախագահը կ՚արձանագրէ, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս կը փոխէ Ատրպէյճանի դերը տարածաշրջանին մէջ:

ՄՂՁԱՒԱՆՋԻ ԲԵՄԱԳԻՐ

Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի յայտնի փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ, որ երկար տարիներ աշխատած է «Քարնեկի» հիմնարկին մէջ, «Foreign Affairs»ի հրապարակած յօդուածին մէջ յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը պիտի նշանակէ Հայաստանի հարաւային սահմանի Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի կողմէ համակարգուած զաւթում։

ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ԵՒ ՊԱՅՏԸՆԷՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պատգամ մը ուղարկեց՝ Կասպից ծովու նաւթի եւ կազի 29-րդ միջազգային ցուցահանդէսի եւ Կասպեան ու կանաչ ուժանիւթի 12-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան առթիւ։

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՆ

Երեւան-Մոսկուա առկայ անհաղորդ իրավիճակին մէջ միշտ կը հնչեն փոխադարձ մեղադրանքներ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Հայաստան սկսած է խուսափիլ իր երկրի՝ Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն գծով շփումներէ։

Էջեր