ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆԱՆՈՑԻ ՀԻՆ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ Կ՚ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՈՒԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշտօնական բնագաւառէն ներս սերտօրէն համագործակցիլ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ։ «Forbes»ի հաղորդումներով, Թուրքիան ու Իսրայէլը կ՚արդիականացնեն Ատրպէյճանի զինանոցի՝ Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած հին ռազմական սարքաւորումները։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Աշխապատ, ուր երէկ դիմաւորուեցաւ Թիւրքմենիստանի փոխ-վարչապետ Մեհմետհան Չաքի եւ Պերտի Մուրատի կողմէ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի առաջին կոմիտէի նիստերու շրջանակներէն ներս նախատեսուած է «Միջուկային հնգեակ»ի հանդիպումը։ Երբ ներկայիս Արեւմուտք-Ռուսաստան բեւեռացումը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը, այս ձեւաչափով նախատեսուած ժողովը արդէն դարձած է ուշագրաւ։
Վրաստանի քաղաքական թետարաբեմի առանցքային դէմքերէն Պիծինա Իվանիշվիլի յայտարարեց, որ երկրի տարածքային ամբողջականութեան խաղաղ ճանապարհով վերականգնման հնարաւորութիւնը կրնայ յառաջանալ որեւէ պահ։
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ Հայաստանի հետ հաշտութեան գործընթացէն ներս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը ջանայ ժամանակ շահիլ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ Համպուրկի կայունութեան համաժողովին մասնակցեցաւ, երէկ, Պերլինի մէջ ընդունուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։