ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ 101 ՏԱՐԵԿԱՆ…
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը գոյատեւման երկրորդ դարուն մէջ կը շարունակէ իր ամուր երթը։ Այսօր դարձեալ Հանրապետութեան տօնն է։ Ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի 29 Հոկտեմբերը։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արդէն 101 տարեկան է…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Համընդհանուր թշուառութեան մէջ մարդոց բարեկեցութիւնը աչքի փուշի կը վերածուի»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն։
Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ համոզուած է, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքմամբ։ Իր խօսքով՝ սա կը համապատասխանէ ամբողջ ԱՊՀ-ի շահերուն՝ ներառեալ տուեալ երկու երկիրները։
2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ, որ նոյնիսկ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչները արդէն կ՚ամաչնան «յեղափոխութիւն» անուանել, հանրային-քաղաքական կեանքի գլխաւոր դերակատարները, այսպէս կոչուած, «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայուցիչները դարձած էին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վրաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւն, որու արդիւնքին կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։ Արդարեւ, նախընտրական շրջանը այնպիսի հունի մը մէջ մտած էր, որ ընտրողներու կողմնորոշումը պիտի նշանակէր նաեւ Վրաստանի տեսակէտէ նախընտրութիւն մը Արեւմուտքի կամ Ռուսաստանի միջեւ։
Թուրքիոյ յոյն համայնքը այս շրջանին եզակի յոբելեան մը կը նշէ։ Այսպէս, Ֆէնէրի յունաց վարժարանը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 570-ամեակը։ Դպրոցը հիմնուած է 1454 թուականին եւ այսօր կրթական գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ միջնակարգի եւ լիսէի ձեւաչափերու մէջ։
Մատենադարանը օժտուեցաւ ձեռագրերու կենսաքիմիական հետազօտութեան տարրալուծարանով մը: