ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 70-ԱՄԵԱԿԸ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Վերջերս շուրջ մէկ շաբթուան բազմակողմանի ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ՝ ի նշանաւորումն այս եզակի յոբելեանին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ տարեկան շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Սա թէեւ ընթացիկ ձեռնարկ մը կը համարուի, բայց, յոբելենական առիթով պայմանաւորուած՝ այս տարի ունեցաւ արտասովոր իմաստ։ Համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ ընթացաւարտներու եւ բազում հիւրերու առջեւ։
Նոյն ծիրէն ներս, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունն ալ ընդունեց համալսարանի պատուիրակութիւնը, որ Պաապտայի պալատին մէջ իրեն ներկայացաւ՝ Հայտոսթեանի գլխաւորութեամբ։
Յոբելեանը առիթ կը դառնայ արժեւորելու առաքելութիւնը Հայկազեանի, որ հայոց սփիւռքի միակ համալսարանն է։ Հաստատութենական յարատեւութեամբ եւ յաջողութեան յաւակնոտ նշաձողով՝ Հայկազեանը կը վայելէ դրական համբաւ ու բարձր վարկ։