ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, ամենաբարձր մակարդակի շփումները կը շարունակուին կողմերու միջեւ։ Վերջին օրերու պայրամի արձակուրդի սկիզբին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Էրտողանը շնորհաւորեց տօնին առթիւ։ Էրտողանն ալ Փաշինեանը շնորհաւորեց՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի 2026 թուականի գարնան Երեւանի մէջ կազմակերպման որոշման առթիւ։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Նախագահն ու վարչապետը պայմանաւորուեցան շարունակել երկխօսութիւնը։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ թէեւ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան, սակայն, անոնց միջեւ ձեւաւորուած է շատ աշխոյժ եւ գործուն երկխօսութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Անշուշտ, իրաւացի կ՚ըլլայ ոեւէ մէկը, եթէ ըսէ, թէ ժամանակն է, որպէսզի այդ երկխօսութիւնը իր շօշափելի արդիւնքները ունենայ դաշտի վրայ։ Եթէ մէկը այդպիսի բան մը ըսէ, ես կը համաձայնիմ»։ Ան աւելցուց, որ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութիւնը տեւական ժամանակէ՝ կը զարգանայ դրական հունի մը մէջ եւ, թէեւ, կան միջանկեալ արդիւնքներ, բայց, վերջնական արդիւնքը տեսնելու ժամանակն է եւ սա է հայկական կողմի համոզումը։

Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ։ Ան մատնանշեց, որ չափազանց կարեւոր է Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի բովանդակութեան շուրջ ապահովուած համաձայնութիւնը։ Նախարարը հերթական անգամ վերահաստատեց, թէ Երեւան պատրաստ է բանակցութիւններու սկսիլ Պաքուի հետ՝ որոշելու համար այդ փաստաթուղթի ստորագրման վայրն ու ժամկէտը։ 

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ, որու այցելութիւնը նախատեսուած է Երեւան։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025