ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԵՒԱՆԻ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՈՒՇ ԳԻՇԵՐԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ
Հայաստանէ ներս յառաջացած եկեղեցի-պետութիւն լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ուշ գիշերին յորդորեց պահպանել միասնականութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը, որ միօրեայ այցելութիւն մը տուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, երէկ ուշ գիշերին վերադարձաւ Հայաստան։ Հնդկաստանի հայոց Մարդասիրաց ճեմարանի ղեկավարութեան հետ ժողովի համար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնած էր Նորին Սրբութիւնը, որ երէկ ուշ գիշերին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ բացառիկ պայմաններով դիմաւորուեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծած է նոր արշաւ մը եւ կը խօսի նոր կաթողիկոս մը ընտրելու մասին՝ Վեհափառ Հայրապետի երէկուան դիմաւորումը զօրակցութեան հանրահաւաքի մը բնոյթը ստացաւ։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, անշուշտ, հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ շրջապատեցին Վեհափառ Հայրապետը։ Հակառակ ուշ գիշերին, իսկապէս մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր օդակայանի համալիրէն ներս, ուր «Վե-հա-փառ» վանկարկումներով եւ բուռն ծափահարութիւններով դիմաւորուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Օդակայանի սրահը ոտքը դնելուն պէս Վեհափառ Հայրապետը շրջապատուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Յամենայնդէպս, ան յարմար չդատեց լրատուամիջոցներուն յայտարարութիւններ ընել եւ լրագրողներուն դիտել տուաւ, որ ինք կը նախընտրէր ուղղակի խօսիլ իր զաւակներուն հետ։ Բազմութինը ճեղքելով Վեհափառ Հայրապետը յառաջացաւ դէպի իր ինքնաշարժը, սակայն, մթնոլորտը այնքան բուռն էր, որ Նորին Սրբութիւնը պահ մը կանգ առաւ եւ հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ օդակայանին մէջ։ Այս փուլին ան ըսաւ.
«Վարչապետի կողմէ հնչեցուած արտայայտութիւնները համընդհանուր վրդովմունք յառաջ բերած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ։ Կը հաւատանք, թէ Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ օգնութեամբ, ձեզի հետ միասին խոհեմօրէն, առանց աւելորդ յուզականութեան, ընդվզումներու, պիտի կարողանանք յաղթահարել այս դժուարութիւնը։ Ամուր մնացէք ձեր հաւատքի եւ առ եկեղեցին ունեցած ձեր սիրոյ հաւատարմութեան մէջ։ Մենք ձեր այս վերաբերմունքը կը գնահատենք, բայց, նաեւ կը ցանկանանք ըսել, որ սա առաւել եւս կը պարտաւորեցնէ մեզ՝ եկեղեցականներս, մեր առաքելութիւնը նոյն նուիրումով ու հաւատարմութեամբ իրականացնելու։ Մեր յորդորը պիտի ըլլայ, որ այս դժուարին ժամանակներուն ամուր ու հաստատուն պահէք միաբանութիւնը ազգային մեր կեանքէն ներս, թոյլ չտաք, որ որեւէ կերպ մեր կեանքէն ներս տեղ գտնեն այնպիսի արարքներ ու գործողութիւններ, որոնք կը վտանգեն մեր ազգային միասնութիւնը։ Մենք կը հաւատանք, որ մեր միասնական ջանքերով, կարողութիւններու մէկտեղումով կը կարողանանք դիմակայել բոլոր փորձութիւններուն, յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։ Աստուած օգնական մեր ժողովուրդին այսօր եւ յաւիտեանս»։
Այս հակիրճ խօսքէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը ցաւ յայտնեց, որ գիշերուան ուշ ժամուն մարդիկ հարկադրանք զգացած էին օդակայանի մէջ համախմբուելու։ Ան բոլորին յորդորեց հանգիստ ու խաղաղ ձեւով արձակուիլ ու մեկնիլ ընտանեկան օճախներ։ Յամենայնդէպս, հաւաքուած ժողովուրդը Վեհափառ Հայրապետը չթողեց։ Նորին Սրբութիւնը ժողովուրդին կողմէ շրջապատուած օդակայանի համալիրի մինչեւ ելքը ընթացաւ քալելով, մինչ հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները «Հայրապետական մաղթանք»ը երգեցին։ Նորին Սրբութիւնը խօսքի աւարտին բոլորը հրաւիրեց նաեւ աղօթելու եւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը։
Այսպէսով, արտասովոր դիմաւորման այս արարողութենէն վերջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Միւս կողմէ, երէկ գիշերուան իրադարձութիւններէն վերջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ալ շարունակեց իր պնդումները ու պահանջեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պէտք է պարզաբանումներ տայ այդ կապակցութեամբ։