Ուրբաթ 23, Հոկտեմբեր 2026
ՀՐԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՄԱՆՈՐԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս Թուրքիոյ հրեայ համայնքին շնորհաւորութիւններ փոխանցեց՝ ամանորի՝ «Ռոշ հաշանայ»ի տօնին կապակցութեամբ։ Այս առթիւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան այցելեցին հրէից րաբունապետարանը։ Յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, հայր սուրբն ու տէր հայրը շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեցին հրէից րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւիին, որ եւս իր ողջոյնները փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ քաղաքիս այլ հոգեւոր առաջնորդները եւ բարձրաստիճան դիւանակալներ:
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026