Ուրբաթ 23, Հոկտեմբեր 2026
2026-2027 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ ՀՆՉԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերամուտը դիմաւորուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ 2026-2027 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց՝ տօնական տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Վերամուտի հանդէսը համախմբեց Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները, դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտները եւ ծնողները։ Բոլորը համակուած էին լաւատեսութեամբ՝ մինչ յայտագրի գործադրութեան ընթացքին գագաթնակէտին հասաւ խանդավառութիւնը։ Տղաքը յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
Հանդէսի աւարտին բոլորը բռնեցին դասարաններու ճանապարհը՝ փոխանակելով յաջողութեան բարեմաղթանքներ։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2026