ՏՔԹ. ԱՐԷՏ ԼԱԶՕՂԼՈՒԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի բժիշկ Արէտ Լազօղլու այսօր կը թեւակոխէ իր ծննդեան 65-ամեակի յոբելենական շրջանը: Ան երկար տարիներէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ որպէս հեղինակաւոր մասնագէտ, որ բժշկական շրջանակներէ ներս ունի բարձր վարկ, իսկ իր հիւանդներու անվերապահ վստաութիւնը կը վայելէ: Տքթ. Արէտ Լազօղլուի 65-ամեակը իսկապէս ողջունելի յոբելեան մըն է համայնքային շրջանակներուն տեսակէտէ՝ հաշուի առնելով իր մարմնաւորած կերպարը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Տքթ. Արէտ Լազօղլու թէ՛ որպէս մասանգէտ եւ թէ որպէս հաճելի ներկայութիւն համայնքային կեանքին հետեւողական մասնակցութիւն կը բերէ բազում տարիներէ ի վեր:

Տքթ. Արէտ Լազօղլու մասնագիտական ուսումը ստացած է Աւստրիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Բժշկական գետնի վրայ աշակերտած է միջազգային շատ կարեւոր մասնագէտներու եւ ասպարէզի նետուած է՝ որպէս սրտաբան ու ներքին հիւանդութեանց մասանգէտ: Արտասահմանի մէջ ալ պաշտօնավարելու փորձառութիւն ունեցած է, սակայն, ըստ էութեան, մասնագիտական գործունէութիւնը կը ծաւալէ քաղաքիս մէջ: Թէեւ Իսթանպուլի մէջ մնալ նախընտրած է, սակայն, իր համբաւը տարածուած է աշխարհով մէկ՝ մանաւանդ, որ Արէտ Լազօղլու ամէն տարի կը մասանակցի բժշկական կարեւոր համագումարներու, որոնք թէ՛ փորձառութեան փոխանակման եւ թէ մասնագէտներու միջեւ յարաբերութիւններու կենսունակութեան առիթ կը դառնան: 

Արէտ Լազօղլու համայնքային կեանքէն ներս առաջին հայեացքով պարզ ու համեստ անձնաւորութիւն մըն է: Անոնք, որոնք կը ճանչնան զինքը՝ կրնան վկայել, թէ որքան հաղորդական նկարագիր մը ունի եւ որքան պատրաստակամութեամբ կը վերաբերուի այնպիսի պահերու մէջ, երբ ուրիշներու օգնութեան հասնելու եւ կամ մասնագիտական հարցերու շուրջ զանազան խորհուրդներ տալու անհրաժեշտութիւնը կը ներկայանայ: Ան թէեւ համեստ, սակայն, նաեւ ծանրակշիռ անձնաւորութիւն մըն է՝ այն իմաստով, որ իր խորհուրդները, ցուցմունքները շատերու համար լուրջ ուղեցոյց կ՚ըլլան: Հարկ է յիշեցնել, որ որոշ ժամանակ Արէտ Լազօղլու մաս կազմած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկական դասուն:

Այսօր, բժշկական ասպարէզէն ներս կուտակած ծով փորձառութեամբ՝ Արէտ Լազօղլու թէ՛ մեր համայնքէն եւ թէ երկրի լայն հասարակութենէն ներս դարձած է անձնաւորութիւն մը, առանց որու խորհուրդը առնելու՝ շատեր որեւէ դարմանման գործընթացի մէջ չեն մտներ եւ կամ իրենց դարմանման գործընթացը աւարտած կը համարեն անոր հաստատական կարծիքներով:

Յոբելեանի ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք տքթ. Արէտ Լազօղլուն, որուն կը մաղթենք բժշկական գործունէութեան բազում տարիներ եւ համայնքային կեանքէ ներս հաճելի ու պատուաբեր ներկայութեան երկար շրջաններ:

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026