ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեանն ու մատակարար մարմնի ատենապետ Ռաֆայէլ Ալիքը, որոնց կ՚ընկերանար սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան։