ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ

Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան Անագարայի մէջ մասնակցեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընթրիքին։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս երեկոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ փրոֆ. Սաֆի Արփակուշ, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. ծայրագոյն պատրիարքը եւ այլ բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներ, որոնց շարքին էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան։ Սեղանակիցներու շարքին էին նախարարներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ այլ պաշտօնատարներ։

Նախագահ Էրտողան երեկոյթի ընթացքին հոգեւոր առաջնորդներուն խօսք ուղղելով ըսաւ. «Դուք միայն ձեր համայնքներու ներկայացուցիչները չէք, այլ կը ներկայացնէք նաեւ Թուքրիոյ բազմամշակոյթ ու բազմահաւատ հասարակական դրուածքը»։

Ելոյթին մէջ Էրտողան մատնանշեց, որ աշխարհ դէմ յանդիման կը գտնուի խտրականութեան, ատելութեան խօսոյթի եւ օտարատեացութեան հետ։ «Վերջին տարիներուն թափ ստացած է իսլամատեացութիւնը, որ թէ՛ մեր անհատներու եւ թէ մեր համակեցութեան մշակոյթին դէմ ուղղակի սպառնալիք մըն է», ըսաւ ան՝ մտահոգութիւն յայտնելով մզկիթներու, եկեղեցիներու կամ սինակոկներու դէմ կատարուած ռմբակոծութիւններուն համար։ «Ինչպէս որ իսլամատեացութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն մըն է, նոյնն է նաեւ հակասեմականութիւնը, որ չի կրնար ցոյց տրուիլ տրամաբանական կամ օրինական, որովհետեւ վատութիւն է», աւելցուց նախագահը։

Երեկոյթի ընթացքին նախագահ Էրտողան մի առ մի ձեռնուեցաւ իֆթարի սեղանի մասնակցած հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ այս փուլին ձեռնուեցաւ նախագահին հետ, անմիջական մթնոլորտի մէջ փոխանակելով քանի մը բառ։ Էրտողան ողջունեց ներկայութիւնը Նորին Ամենապատուութեան, որուն ընկերացաւ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026