ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց միջեկեղեցական աղօթքի, որ կազմակերպուած էր Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց միջեկեղեցական աղօթքի, որ կազմակերպուած էր Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս։
Քրիստոնէից միութեան ուղղեալ Միջեկեղեցական աղօթքի շաբաթը արդէն ընթացքի մէջ է։ Նկատի ունենալով, որ ներկայ 2025 թուականը կը համընկնի Նիկիոյ առաջին Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին՝ այս տարուան Միջեկեղեցական աղօթքի շաբթուան կարգախօսն է՝ «Հաւատամք ի մի Աստուած»։
Շաբաթավերջին հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւընկալելու Ֆէրիգիւղի սանուց միութենէն Կիւլիզար Տեմիրն ու Կարպիս Շիմշէքը։ Զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ սանուց միութեան մէջ նախատեսուած է ներկայացումներու շարք մը՝ ի յիշատակ լուսահոգի Վահրիճ Կիւլէրի։
Էսաեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկութիւններ տրուեցան Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հովանաւորուած եւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ խրախուսուած ծրագրի մը մասին։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի իր սպանութեան 18-րդ տարելիցին։ 19 յունուար 2007-ին մահափորձի զոհ գացած էր Հրանդ Տինք, որու բացակայութեամբ պայմանաւորուած պարապութիւնն ու կարօտը կը խորանան տարուէ տարի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Էսաեան վարժարանի միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններու աւարտական դասարաններու սաները։ Աշակերտական խումբը առաջնորդեցին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Sıfır Atık» հիմնարկի նախագահ Սամետ Աղըրպաշը։ Հարկ է նշել, որ այս հիմնարկը նոր հաստատուած է եւ անոր նպատակն է նպաստել թափօններու քանակութիւնը իջեցնելու ուղղեալ ջանքերուն՝ զանոնք ի վերջոյ հասցնելու համար զերոյական մակարդակի։
Շիշլի մարզակումբի մարզիկները վերջին երկու օրերուն Աթագիւղի Ողիմպիական մարզասրահին մէջ մասնակցեցան Իսթանպուլի՝ մինչեւ 12, 14 եւ16 տարեկաններու քաղաքային զտման։ Շիշլիցիներուն տեսակէտէ սա եղաւ կարեւոր առիթ մը փորձառութիւն ձեռք բերելու տեսակէտէ։
Պոլսահայ վարժարաններու տնօրէնները երէկ կարեւոր ժողովի մը մասնակցեցան՝ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութենէն ներս։ Այս ժողովը նախատեսուած էր քաղաքիս բոլոր փոքրամասնական վարժարաններու ղեկավարներուն համար եւ, հասկնալիօրէն, մասնակիցներու շարքին գերակշիռ էին հայկական վարժարաններու տնօրէնները։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի շրջանի տօնական հոգեւոր ուրախութենէն բաժին կը վիճակի նաեւ գաւառի հայութեան։