ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով 31 յունուար 2020-ին Պատրիարքարանի մէջ կայացած էր խորհրդակցական հանդիպում մը՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Այս հանդիպումին ընթացքին յայտնուած էր, թէ Պատրիարքական Աթոռը կը հետաքրքրուէր մեր կրօնական, կրթական, մշակութային ու բարեսիրական հաստատութեանց վիճակով, նկատի ունենալով երկրաշարժի պարագան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու վերամուտի սեմին համայնքի օրակարգին վրայ բերաւ ուշագրաւ խնդիր մը։ Ան Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) առցանց հարթակին վրայ երէկ ուշադրութիւն հրաւիրեց հրատապ նիւթի մը։ Հաշուի առնելով հարցի կարեւոր բնոյթը՝ Շիրինօղլու այդ փակ հարթակի իր գրառումը փոխանցեց նաեւ համայնքային մամուլին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նայիրա Սերթշիմշէքը, որ վերջերս իր տարիքային դասաւորման մէջ առաջնութիւն ծաւալած էր ձիավարութեան մրցաշարքի մը արդիւնքով։ Այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանար հայրը՝ յայտնի համայնքային գործիչ Սարվէն Սերթշիմշէք։
Պատրիարքարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած է տնտեսական օրակարգով հանդիպում մը։ Ցաւալի է, որ համայնքէն ներս կը խորանայ Գումգաբուի մէջ շղարշի ետին ժողովներ կազմակերպելու նախընթացը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ Շահին Չընար, որ նոյն կրթօճախի երկարամեայ տնօրէնն է։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին հիմնադրի ներկայացուցիչն էր հոգելոյս Կարապետ Մխալեան, որու մահէն վերջ ներկայիս իրեն կը յաջորդէ Շահին Չընար։
Համայնքային շրջականերէ ներս ներկայիս միշտ օրակարգի վրայ է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընկերային զօրակցութիւնը խթանելու առաջնահերթութիւնը։ Համաճարակով պայմանաւորուած խնդիրները, տնտեսութեան ծանր կացութիւնը եւ այլ գործօններ ընկերային զօրակցութեան շարժումները կը դարձնեն առաջնահերթ։
Համայնքային շրջանակներէ ներս 2020-2021 եղանակի մատաղօրհնութիւններու պատրաստութիւնները արդէն կը սկսին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ՝ ի նպաստ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Անցուկը մոռցուկ. պոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ» գիրքը։ Բժիշկ, բանասէր Վահրամ Թորգոմեանի յուշագրութեան հիման վրայ պատրաստուած է այս հատորը, որու հրատարակութիւնը իրականացած է մեկենասութեամբ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան։