ԵՐԿԱՆԵԱՆ ԱՄՈԼԷՆ ԿՈՉ
Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը նուիրատուութիւն մը ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի բարգաւաճման համար։ Երկանեանները մեզի յայտնեցին, որ այս տարուան համաճարակի մթնոլորտին մէջ չեն փափաքած իրենց աւանդական շնորհաւորականի հրատարակուիլը՝ ենթադրելի պատճառներով։ Միեւնոյն ժամանակ, Երկանեանները նշեցին, որ իրենց նուիրատուութիւնը ունի մասնաւոր պատգամ մը եւ կը զուգորդուի կոչով մը։