ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՊ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ներկայ օրերուն, մեր համայնքէ ներս ընկերային զօրակցութեան շարժումը բաւական կազմակերպուած ու նպատակասլաց կերպով յառաջ կը տարուի Ֆէրիգիւղի մէջ։ Քաղաքիս ամենահայաբնակ այս շրջանի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հնարաւորութիւնները շարժման կ՚անցուին՝ կարելի չափով բոլորի կարիքներուն հասնելու առաջադրութեամբ։