ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Էսաեան սանուց միութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը։ Այս առթիւ միութեան ներկայացուցիչները երէկ հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Վարչայինները Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնը խնդրեցին՝ 75-ամեակի շրջանի յոբելենական ձեռնարկի ծրագրերուն համար։ Անոնք զուգահեռաբար տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան գործունէութեան, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մշակուած յոբելենական նախագծին շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց Էսաեան սանուց միութեան յոբելեանին կապակցութեամբ եւ այժմէն շնորհաւորութիւններ յղեց՝ սիրով ընդառաջելով նաեւ հովանաւորութեան խնդրանքին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց նաեւ, որ այս յոբելեանը առիթ դառնայ, որպէսզի Էսաեան սանուց միութեան գործունէութիւնը ստանայ նոր թափ մը։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թրքահայ կեանք
- 04/29/2025