Երեքշաբթի 29, Ապրիլ 2025
ՇԻՇԼԻԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԿԱԶՄԷՆ ՊԵՐՔԱՅ ԷՔԻՆՃԻԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Անթալիայի մէջ նախորդ շաբթուայ տեւողութեան տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ճատրակի առաջնութիւնը՝ ըստ զանազան տարիքային դասաւորումներու։ Այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբէն 18-ամեայ Պերքայ Էքինճի, որ թէ՛ աստղերու եւ թէ գլխաւոր կազմին մասնակից է։ Ան Անթալիայի մէջ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը՝ նուաճելով Թուրքիոյ 2-րդի տիտղոսը՝ իր տարիքային դասաւորման մէջ։ Ուստի, Պերքայ Էքինճի իրաւունք շահեցաւ մաս կազմելու ազգային հաւաքականին՝ նոյնպէս իր տարիքային դասաւորումով։
Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն ստեղծած է Շիշլիի ընտանիքին մօտ։ Ակումբի վարչութիւնը ջերմօրէն շնորհաւորած է թէ՛ Պերքայ Էքինճին եւ թէ մարզիչ Էմրէ Ճանը։
Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022
Թրքահայ կեանք
- 04/29/2025