ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ոչքունեան։ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի տարեկան նուիրահաւաքն ալ երէկ տեղի ունեցաւ զուգահեռաբար։ Գոհաբանական Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ այս դպրոցը ուսում կը ջամբէ՝ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներուն։ Այս առաքելութեան ճանապարհին ներդրուած ջանքերուն համար ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի եւ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլին մասին, որոնք յիշեալ կրթական հաստատութեան յարատեւութեան սիւները կը համարուին։ Քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ մեր համայնքի աջակցութիւնը միշտ խնդրոյ առարկայ եղած է այս դպրոցին ի նպաստ։ Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման զուգահեռ՝ այս դպրոցի «հանդուրժուած» կարգավիճակի խնդիրն ալ վստահաբար լուծում գտնէ։

Համայնքային շրջանակները այս տարի եւս հնարաւորինս իրենց զօրակցութեան առարկայ դարձուցին «Հրանդ Տինք» դպրոցը։

Երկուշաբթի, Յունուար 31, 2022