ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
«Ատալէթ» կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ փրոֆ. տքթ. Վեճտէթ Էօզի գլխաւորութեամբ՝ կուսակցականներու պատուիրակութիւն մը, 10 մարտ, երեքշաբթի, յետմիջօրէին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամները, որոնցմէ եօթը՝ փոխ-նախագահներ էին։