Թրքահայ կեանք

ԹՐՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ԹՎՄ-Ի ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը քննարկէ համայնքային մամուլին առկայ հարցերը։ ԹՎՄ միջոց մը առաջ ստեղծած է մասնաւոր յանձնախումբ մը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս լրատուամիջոցներու կողմէ իրերայաջորդ հնչեցուած ահազանգներու լոյսին տակ։

ՅԱՅՏՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տարեկան սիրոյ սեղանին արձագանգները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՆՈՐ ԴՊԻՐՆԵՐ ՀԱՍՑՆԵԼ

Կը տեղեկանանք, որ Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը այս շրջանին թափ կու տայ սերնդափոխութեան պատրաստութեան եւ աշխատանքներու ձեռնարկած է՝ նոր սերունդէն դպիրներ հասցնելու առաջադրութեամբ։

​ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ կրթական մշակ ու գրող Լեռնա Գարագիւթիւք, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց աշակերտութեան հետ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԹԵՔԻՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեղեկացուց, որ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ներկայիս աշխատանք կը տանի՝ կազմակերպելու համար պոլսահայ վարժարաններու վարչայիններուն եւ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի միջեւ հանդիպում մը։

ՍԻՐՈՅ ՁԳՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն:
Ֆէրիգիւղի տարեկան հանգանակութեան արդիւնքը թէեւ պիւտճէի բացը ամբողջութեամբ չհաւասարակշռեց, սակայն Մէրամէթճեան վարժարանի կայունութեան երաշխաւորման համար թթխմոր մը ապահովեց:

ԽՆԴԻՐԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարեց պարգեւատրում մը։ Այսպէս, Ս. Պատարագի ընթացքին ան Պատրիարքական Աթոռի պատուոյ շքանշանը շնորհեց Հերման եւ Շուշիկ Խնդիրեան ամոլին։

ԹՈՒԶԼԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ շաբաթավերջին յատկանշական իրադարձութիւն մը եղաւ Թուզլայի մէջ, երբեմնի «Քամփ Արմէն»ի տարածքէն ներս կատարուած հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնութիւններուն համար կատարուած բարեփոխումներու շրջանակին մէջ «Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։

30-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ

«Արաս» հրատարակչութիւնը, որ թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, յոբելենական շրջանին փայլուն մասնակցութիւն բերաւ՝ երէկ եզրափակուած Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին։ «Արաս»ի այս տարուան մասնակցութեան թագն ու պսակը եղաւ այն մեծ եռուզեռը, որ տօնավաճառի ընդարձակ համալիրէն ներս ստեղծուեցաւ իր տաղաւարին մէջ։

Էջեր