ԴԱՏԱՎՃՌԻ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ ԵՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ գտած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութեան առ ոչինչ համարման վերաբերեալ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած յայտնի վճիռը։ Պատկան առաջին ատեանը միջոց մը առաջ արձակած էր դատավճիռ մը, որով այդ պահանջը մասամբ բաւարարուած էր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց մեր համայնքէն Արի Նուպար Պոյաճըօղլուն, որ պատրաստած է արեւմտահայերէն-անգլերէն թուային թարգմանական համակարգ մը՝ կառուցուած «Մեթա»ի «No Language Left Behind» տիպարի հիման վրայ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս հերթական զարմանալի տագնապը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ շուրջ շաբաթ մը։
Իսթանպուլի կուսակալը երէկ այցելեց Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր տեսակցեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կրթական յանձնախումբի նոր կազմը գումարեց առաջին ժողովը:
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Ձեռնարկին մասնակից փոքրիկները այս առթիւ ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ։ Բուն Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Համայնքային շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին խոր ցաւ յառաջացուց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեանի մահը։