ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու կազմի սիւներէն՝ Նուարդ Պարընը, Նատին Վանլըօղլու-Թաշն ու Սարվէն Սըրատաղը։ Նկատի ունենալով, որ այս կիրակի Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է՝ թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, խմբագրատունս այցելեցին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ հանրային կարծիքը լուսաբանելու նպատակով։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, որ այս տարի 203-րդ անգամ բացած է իր դռները, ունի շուրջ 9 միլիոն լիրայի պիւտճէի բաց մը։