ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԵՒ ՑԱՒԱԼԻ
Համայնքային շրջանակները շուարումի մատնուեցան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութենէն ամիսներ անց արձակուած դատավճռին պատճառով::
Ատենապետ Աքսել Թոփալեանի եւ ընկերներուն ի նպաստ ժողովրդական ամուր կամքը կը վիճարկուի՝ ընդվզեցուցիչ միջամտութիւններով:
Իսթանպուլի 12-րդ քաղաքացիական առաջին ատեանին երէկուան որոշումը կ՚ենթադրէ մասամբ չեղարկել քուէարկութեան արդիւնքը: Օրինական ճանապարհը բաց է վերաքննիչ դատարան դիմելու համար:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ դատական իշխանութիւններուն միջեւ յառաջացած տարակարծութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: