ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ՏՈՂԱՆՑՔ
Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի շրջանակներէն ներս «Արաս» հրատարակչութեան տաղաւարը կը շարունակէ գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսանալ։
Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի շրջանակներէն ներս «Արաս» հրատարակչութեան տաղաւարը կը շարունակէ գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսանալ։
Այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շարժման անցած է՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ աջակցութիւն ապահովելու համար:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որուն կ՚ընկերանային Էսաեան սանուց միութեան վարչութենէն Մարիամ Տրամէրեան եւ Վարդուհի Մսըրլեան։
Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի շրջանակներէն ներս «Արաս» հրատարակչութեան տաղաւարը կը շարունակէ գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսանալ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մալաթիահայոց Հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Օրունէօզի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան երէկ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ներկայացան՝ շնորհաւորելու համար 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնը։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած եւ մօտաւոր անցեալին համայնքային շրջանակներէն ներս համատարած գնահատանքի արժանացած՝ «Հայ կինը. մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ։
Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եղանակի բացման ձեռնարկ մը։ Միութիւնը արդէն 78-րդ գործունէութեան շրջանը թեւակոխած է։
Երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք մեր հիմնադիրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խոնարհինք թերթիս բոլոր նուիրեալներու յիշատակին առջեւ։ Խոր երախտագիտութիւն կը յայտնենք թերթիս սիրեցեալ ու հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք հայ մամլոյ նահապետին միակ ապաւէնն ու յենարանը կը հանդիսանան՝ հետեւելով մեր տպագիր տարբերակին, կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն։
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 30-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Թրքահայ կեանքին տեսակէտէ շատ կարեւոր եւ յատկանշական տարեդարձ մըն է այս մէկը՝ հաշուի առնելով անցեալ երեք տասնամեակներուն «Արաս»ի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան որակը, տարողութիւնն ու նշանակութիւնը։