ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ հիմնարկի վարչութիւնը նոր անդամներով համալրուած է եւ այս առթիւ անոնք ծանօթացուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակիցները մէկտեղուեցան մարմնամարզի ճիւղի մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ պատասխանատուներուն հետ։
ERVAB-ի Կրթական յանձնախումբը երէկ ժողով մը գումարեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ատենապետ Սիմոն Արթուչի կողմէ գլխաւորուած ՍԷՎ-ի վարչութիւնը։ Սա հիմնարկի ներկայ վարչութեան անդրանիկ այցելութիւնն էր Պատրիարքարան։
6 փետրուար 2023-ի երկրաշարժի տարելիցին ընդառաջ, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան շաբաթավերջին հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մալաթիոյ հայ համայնքին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը երէկ հերթական անգամ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան առարկայ դարձաւ։ Յատուկ առաքելութեամբ այս դպրոցին տարեկան հանգանակութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ վառ տպաւորութիւն գործեց մասնակիցներուն վրայ։ «Մենք երգ ենք» նախագծի ամբողջին մէջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին երիտասարդ արուեստագէտներ դասական երաժշտութեան եւ շանի կատարումներով հանդէս եկան։
Պատրիարքական Աթոռը եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այս շրջանին աշխատանք կը տանին İtimat Büro-ի գործունէութիւնը կատարելագործելու եւ ընդհանուր համակարգը աւելի գործնական դարձնելու ուղղութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան նախապէս ալ քանիցս այցելած է թէ՛ քաղաքս եւ թէ ընդհանրապէս Թուրքիան, ուր հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ամենայայտնի կոթողներուն վերաբերեալ կատարած է նկարահանումներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռեսուլ Էմրահ Շահանը, որ ՃՀՓ-ի կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է։ Շահան եւ ընկերակիցները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ բաժնեցին Շիշլիի ապագային վերաբերեալ իրենց մտահորիզոնը։