ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը յաւակնոտ մեկնարկ մը ըրաւ 2023-2024 եղանակին։ Շիշլիցիները, որոնք վերջին երկու տարիներուն ախոյենութիւն տօնեցին, ներկայ շաբթուան առաջին կէսին Իւրկիւփ մեկնած էին՝ նոր եղանակի սկզբնական փուլի հանդիպումներուն առթիւ։
Մեր համայնքէն Յակոբ Շիրինօղլու անդամակցեցաւ Կալաթասարայ մարզակումբին։ Անցեալ շաբաթավերջին, Կալաթասարայ լիսէի նշանաւոր, պատմական «Թեւֆիք Ֆիքրէթ» սրահի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մարզակումբի նոր անդամներու ընդունման առթիւ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլուն։
Կեդրոնականցիներու հայ կնոջ դերին վերաբերեալ ձեռնարկը կրկնուեցաւ Էսաեան վարժարանի բեմին վրայ:
Մեր համայնքէն Սէրլի Սեդա Նշանեանի բեմադրութեամբ այս շրջանին կը բեմադրուի թատերական ներկայացումներու շարք մը, որ «Տերեւ արթ»ի անդրանիկ նախագիծն է։ «Borderline» կը կոչուի այս թատերական ներկայացումը, որու բեմագիրն է Քաան Էրքան։
Զեքիեան Գերապայծառ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, վերապատուելի Աղապալօղլու եւ Յունաց պատրիարքարանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչն ալ պատուեցին հաւաքոյթը:
Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները վերջին օրերուն մասնակցեցան Իսթանպուլի մինչեւ 14 տարեկաններու մարմնամարզի մրցաշարքին, որու արդիւնքով ապահովեցին փայլուն նուաճումներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Տուրսունն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանով պարգեւատրեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։