ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑ ԷԼԱԶԸՂԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան շաբաթավերջին հովուական այցելութիւն մը տուաւ Էլազըղի հայ համայնքին։ Ս. Նշան մատրան մէջ կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որու աւարտին տէր հայրը քարոզեց նիւթ ունենալով Մեծ պահքն ու անոր կիրակիները, պահքի իմաստը, ապաշխարութեան կարեւորութիւնը եւ ներումը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ՝ հսկողութեամբ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի եւ ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքինի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց ԱՔ կուսակցութեան Կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու Ուղուր Սինան Շէնը։ Ներկայ էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Փրօ Օրիէնթէ» հիմնարկէն Էրնսթ Միւլլէրն ու Ռայմընտ Օրթնըրը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի Միջեկեղեցական բաժնի պատասխանատու Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։
Պէյօղլուի ընտանիքը այս շրջանին կը նշէ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Յոբելենական այս հանգրուանը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով, որոնք թէ՛ Պէյօղլուի ընտանիքին եւ թէ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ կը համարուին յատկանշական։
Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ վարդապետական գաւազանի տուչութեան ուրախառիթ արարողութիւն:
Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան այս առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վանքին մէջ ստացաւ վարդապետական գաւազան։ Անցեալ շաբաթ ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յաջողութեամբ պաշտպանած էր իր վարդապետական թեզը։
Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան երէկ ենթարկուած է գործողութեան մը։ Մասնագէտները երիկամունքի փոխպատուաստման յաջող վիրահատութեան մը ենթարկած են տէր հայրը։
Արթիւր Պաղտասարեանի, Տիանա Յարութիւնեանի եւ Մարգարիտ Սարգսեանի հերթական յաղթանակը: