ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԿԱՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑ
Գալֆաեան տան խնամակալութենէն ներս ծագած տագնապին արձագանգները կը շարունակուին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Խնամակալութեան՝ այժմ արդէն նախկին ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի եւ կարգ մը անդամներու հրաժարումէն ետք ներկայիս անցումային շրջան մըն է՝ մինչեւ նոր դիւանին ձեւաւորումը։
Գալֆաեան տան ընտանիքը 2025-ի տարեմուտին համախմբուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Դպրոցի Ամանորի հանդէսը անցաւ՝ ընտանեկան միջավայրի յարիր բարձր տարամադրութեան պայմաններու ներքեւ։
Թոփգաբուի ընտանիքը աւանդական խանդավառութեամբ կը դիմաւորէ 2025 թուականը։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Կաղանդի հանդէս մը, որ թատերաբեմը հանդիսացաւ ընտանեկան անմիջականութեան եւ ուրախութեան մթնոլորտի։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ Ամանորի շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Մանկապարտէզի փոքրիկներու հանդէսը առանձնապէս ուշագրաւ էր՝ քանի անոնց երկարատեւ պատրաստութիւնները պսակուեցան բացառիկ յաջողութեամբ։
Նոր տարին նոր յոյսերով կը լեցնէ մեր սրտերը: Բարի օրերու եւ յաջողութեան երազանքը կը տիրէ ամէնուրեք:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ
ՄԱՐԱԼ ԷՊԷՕՂԼՈՒ ՍԱԹԱՐ
Գատըգիւղի ընտանիքը Նոր տարին կը դիմաւորէ աւանդական ոգեւորութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի Կաղանդի հանդէսը այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ՝ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտով։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը աւանդական խանդավառ հաւաքոյթով մը ողջունեց Ամանորը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեան ներքեւ, դպրոցի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքցիներու աւանդական Կաղանդի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։