ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԷՋ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը արդէն Զուիցերիոյ մէջ է։ Վեհափառ Հայրապետը մայրաքաղաք Պեռնի մէջ կը մասնակցի՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագրեալ միջազգային համաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ կողմէ։
Պեռն հասնելով՝ Վեհափառ Հայրապետը երէկ դիմաւորուեցաւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ նախագահ պատուելի Ռիթա Ֆամոսի կողմէ։ Այս վերջինը ջերմօրէն ողջունեց Նորին Սրբութիւնը եւ համաժողովի բացման ընդառաջ ամենավերջին նորութիւնները յանձնեց անոր բարձր նկատառման։
Վեհափառ Հայրապետի դիմաւորման ներկայ էր նաեւ փրոֆ. Անի Ղազարեան-Տրիսի, որ Էքիւմենիք Աստուածաբանական ուսուցման հեղինակաւոր միջազգային մասնագէտ մըն է եւ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնած է համաժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ։
Ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, Գեղարքունիքի թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։