Հինգշաբթի 12, Յունիս 2025
ԶՈՒԻԵՑԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այսօր մեկնած է Զուիցերիա, ուր մայրաքաղաք Պեռնի մէջ կը մասնակցի՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագրեալ միջազգային համաժողովի մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս համաժողովը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ կողմէ։
Ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան կ՚ընկերանան Հայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, Գեղարքունիքի թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025