ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ վերադարձաւ Հռոմէն, ուր յանուն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին մասնակցեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր պապին՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի գահակալութեան, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ։ Նորին Ամենապատուութեան հետ Հռոմէն վերադարձաւ նաեւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ անոր ուղեկցեցաւ՝ որպէս գաւազանակիր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Իսթանպուլի օդակայանը, ուր պատուոյ սրահին մէջ կարճ հանգիստ մը առնելէ վերջ առաջնորդուեցաւ Գումգաբու։ Ան այսպէսով պատմական իրադարձութեան մը մասնակցելէ վերջ իր Աթոռը վերադարձած եղաւ։ Արդարեւ, նոր պապին գահակալութիւնը թէ՛ համաքրիստոնէական նշանակութեամբ իրադարձութիւն մըն էր եւ թէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վիճակեցաւ այդ հարթութեան վրայ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ներկայացնելու, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը գլխաւորելու պատիւը։

Մինչ այդ, մօտաւոր ապագային Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի ունենայ այլ կարեւոր ճամբորդութիւն մը՝ դէպի Հիւսիսային Ամերիկա։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը իրերայաջորդ պիտի այցելէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Գանատայի թեմերը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Զատկի համայնքային ընդունելութեան ընթացքին արդէն անդրադարձաւ այս ուղեւորութեան, յամենայնդէպս, Պատրիարքարանի աղբիւրները տակաւին պաշտօնական ժամանակացոյցը չեն հրապարակած։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի շրջաններէն ներս, նաեւ Գանատայի մէջ, թեմակալ առաջնորդներու գլխաւորութեամբ, նախկին պոլսահայ շրջանակները շարժման անցած են եւ կազմակերպչական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ Նորին Ամենապատուութեան հիւրընկալման համար։ Կը ծրագրուին նաեւ կարգ մը գեղարուեստական ձեռնարկներ։

Դարձեալ ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն՝ դէպի Հիւսիսային Ամերիկա ուղեւորութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ որպէս գաւազանակիր պիտի ընկերանայ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025