ՍԱՄԱԹԻԱՅԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԴՊԻՐՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սպասաւոր մանուկներ եւ պատանիներ երէկ այցելեցին Պատրիարքարան՝ թաղի քարոզիչ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի հսկողութեան ներքեւ։ Տղաքը հիւրընկալուեցան Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի կողմէ, որու ուղեկցութեամբ ծանօթացան Պատրիարքարանի համալիրին՝ մանաւանդ շրջեցան թանգարանը։ Այցելութիւնը խոր տպաւորութիւն գործեց անոնց վրայ։

Հուսկ, երկու հոգեւոր հայրերը ողջագուրուեցան եղբայրաբար՝ իրարու շնորհակալութիւն յայտնելով նոր սերունդի նկատմամբ ցուցաբերուած խրախուսական, հոգածու վերաբերմունքին համար։

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025