ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ արձագանգեց Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահի նախօրէի յայտարարութիւններուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։
*
Օրերս Պաքուի մէջ կայացած «Ղազիներու» խորհուրդի նիստին Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ ստանձնեց Ատրպէյճանի քարոզչամեքենայի կեղծիքի տարածման դերը եւ հերթական անգամ հայ ժողովուրդն ու Հայ Եկեղեցին թիրախաւորեց ատելութեամբ ու թշնամանքով։
Կեղծիքի տարածման մէջ ինքն իրեն գերազանցելով՝ Փաշազատէ յայտարարած է, որ իբր Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ տասնեակ դարեր գործող հայկական սրբավայրերը, նոյնիսկ 1700-ամեայ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, կը գտնուին «պատմական ատրպէյճանական հողերու մէջ» եւ հայերը որպէս թէ «իւրացուցած են» այդ տարածքները։ Անհեթեթ պնդումներու շարքը Փաշազատէ կ՚եզրափակէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ներկայացնելով՝ որպէս սպառնալիք տարածաշրջանի երկիրներու համար։
Զաւեշտալի կը թուի, որ խորհրդային իշխանութիւններու ազգաշինարարութեան արդիւնքին 1930-ական թուականներու երկրորդ կէսին «ատրպէյճանցի» էթնոնիմը ստացած ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդը կը փորձէ վիճարկել պատմականութիւնը հայ ժողովուրդի, որու հազարամեակներու ստեղծագործ կեանքի եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան արժէքն ու պատկանելիութիւնը համընդհանուր ճանաչում ստացած իրողութիւններ են։ Առաւել քան զարմանալի է, որ այլոց արժէքներու իւրացման մէջ հայ ազգին ուղղեալ մեղադրանքները կը ներկայացնէ ներկայացուցիչը երկրի մը, որու պետութեան անուանումն իսկ իւրացուած է այլ երկրէ ու ժողովուրդէ։
Նոյն աժանագին գործելաոճը ինկած է նաեւ Ռուսաստանի ու Նոր Նախիջեւանի թեմի անուան շուրջ Փաշազատէի կատարած շահարկման հիմքին։ Ի գիտութիւն պէտք է ընդունիլ, որ Տոնի Ռոստովի մերձակայ բնակավայրերը «Նոր Նախիջեւան» անուանուած են ցարական Ռուսաստանի իշխանութիւններուն իսկ որոշմամբ՝ որպէս յարգանքի արտայայտութիւն պատմականօրէն հայկական Նախիջեւանէն այդ տարածք տեղափոխուած հայերու։
Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդի հրապարակային խօսքերուն մէջ շարունակաբար տեղ գտած թշնամանքի ու կեղծարարութեան նման դատապարտելի դրսեւորումները ինքնին վկայութիւնն են այն իրողութեան, թէ Ատրպէյճան ինքն իսկ է, Փաշազատէի խօսքերով իսկ ըսուած, սպառնալիք տարածաշրջանին հարեւան երկիրներու համար։
Եւ վերջաւորութեան՝ հարկ է մէկընդմիշտ արձանագրել, որ սուտն ու կեղծիքը երբեք չեն կրնար ճշմարտութեան վերածուիլ՝ որքան ալ յաճախ ու խանդավառութեամբ կրկնուի։