ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջերս վեհարանի մէջ մէկտեղուեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցած հոգեւորականաց հերթական խումբի անդամներուն հետ։ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերու հոգեւորականներէ բաղկացեալ այս խումբն ալ վերապատրաստութենէ անցած էր «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին մէջ՝ գլխաւորութեամբ ծրագրի պատասխանատու Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեանի։ Հարկ է նշել, որ վերջին տարիներուն այս վերապատրաստման դասընթացքին մասնակցած հոգեւորականներու թիւը հասած է 400-ի սահմանին։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը վերապատրաստեալ հոգեւորականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս արձանագրուած դրական արդիւնքին համար։ Ըստ Նորին Սրբութեան՝ Աստուածաբանական գիտելիքներու վերաթարմացումը, հովուական փորձառութեան փոխանակումը, եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու եւ անոնց յաղթահարման ուղիներու շուրջ քըն-նարկումները կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։
Վեհափառ Հայրապետը հոգեւորականներուն պատգամեց կոչման բարձր գիտակցութեամբ եւ անվերապահ նուիրումով շարունակել իրենց ծառայութիւնը եկեղեցիին, ազգին ու Հայաստանին՝ իրենց համայնքներէն ներս ամէնուրեք համախմբելով հայորդիները ի խնդիր առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման։