ԿԵԱՆՔԸ՝ ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ՈՒՂԻ

«Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ քու տունէդ ներս եւ քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան քու սեղանիդ չորս կողմը». (ՍԱՂՄ. ՃԻԸ 5)։ Սաղմոսերգուին արտայայտած այս սիրախօսութիւնը չի դրժեր ամբողջ Սուրբ Գիրքը համակող դառն իրականութիւն մը։ Ան գոյութիւնն է ցաւին, չարին, վիշտին, բռնութեան՝ ինչ որ կը խորտակէ ընտանեկան կեանքը եւ անոր կեանքի եւ սիրոյ ներհուն հաղորդակցութիւնը։ Զուր տեղ չէ՛ որ ամուսնութեան վերաբերեալ Քրիստոսի ուսուցումը. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 3-9) ներմուծած է ամուսնալուծումի մասին վիճաբանութեան մը մէջ։ Աստուծոյ Խօսքը մնացուն վկա՛ն է այս մթին ինքնութեան՝ որ սկիզբէն իսկ կը յայտնուի, երբ այր մարդուն եւ կին մարդուն միջեւ սիրոյ եւ մաքրութեան փոխյարաբերութիւնը գերիշխանութեան կը վերածուի մեղքին պատճառով. «Քու ցանկութիւնդ քեզ դէպի քու ամուսինդ պիտի մղէ եւ ան պիտի իշխէ քու վրայ». (ԾՆՆԴ. Գ 16)։

Արդարեւ, տառապանքի եւ արեան ճամբայ մը կ՚ընդմիջէ Սուրբ Գիրքին զանազան էջերը, սկսելով Կայէնի եւ Աբէլի եղբայրասպան բռնութենէն, ինչպէս նաեւ Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ նահապետներուն զաւակներուն եւ կիներուն միջեւ զանազան կռիւները, հասնելով այն ողբերգութիւններուն՝ որոնք արիւնով կը պղծեն Դաւիթի ընտանիքը եւ կ՚երկարին մինչեւ այն ընտանեկան բազմաթիւ դժուարութիւնները՝ որոնք Տովբիթի պատմութեան կամ լքուած Յոբին դառն խոստովանանքին կ՚ընկերակցին. «Ան իմ եղբայրներս հեռացուց ինձմէ, ծանօթներս ալ կը ջանան խուսափիլ ինծմէ…։ Շունչս կը գանեցնէ կինս, իսկ հոտս՝ իմ հարազատ եղբայրներս». (ՅՈԲ. ԺԹ 13-17)։

Յիսուս անգամ համեստ ընտանիքի մը մէջ կը ծնի, ուրկէ պարտի նաեւ շուտով օտար երկիր մը փախչիլ։ Յիսուս Պետրոսին հիւանդ զոքանչին տունը կը մտնէ. (ՄԱՏԹ. Ա 30-31), Յայրոսի կամ Ղազարոսի տան մէջ պատահած մահուան ողբերգութեան մասնակից կը դառնայ. (ՄԱՐԿ. Ե 22-24, 35-43), (ՅՈՎՀ. ԺԱ 1-44)։ Կը լսէ Նայինի այրի կնոջ յուսահատ ճիչերը, իր մեռած զաւակին դիմաց. (ՂՈՒԿ. Է 11-15), կը լսէ լեռնական փոքր գիւղի մը մէջ անդամալոյծ զաւակի մը հօր կանչերը. (ՄԱՐԿ. Թ 17-27), մաքսաւոր Մատթէոսին կամ Զաքէոսին կը հանդիպի իրենց տուներուն մէջ. (ՄԱՏԹ. Թ 9-13), (ՂՈՒԿ. ԺԹ 1-10), ինչպէս նաեւ մեղաւոր կիներու, փարիսեցիին տունը մտած մեղաւոր կնոջ պէս. (ՂՈՒԿ. Է 36-50)։

Ան ծանօթ էր Իր առակներուն մէջ յիշած ընտանիքներուն անձկութեան եւ լարուածութեան. իրենց բախտը փորձելու համար իրենց տուները թողած զաւակներուն. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32), նոյնիսկ դժուար եւ անբացատրելի նկարագրով. (ՄԱՏԹ. ԻԱ 28-31) կամ բռնութեան զոհ որդիներուն. (ՄԱՐԿ. ԺԲ 1-9)։ Ան կը հետաքրքրուի նաեւ հարսանիքներով, որոնք խայտառակուելու վտանգին մէջ են, գինին. (ՅՈՎՀ. Բ 1-10), կամ հրաւիրեալներ պակսելով (ՄԱՏԹ. ԻԲ 1-10)։ Ան տեղեակ է նաեւ ընտանիքի մը մէջ դրամի մը կորսուելուն պատճառած մղձաւանջին. (ՂՈՒԿ. ԺԲ 8-10)։

Վերոյիշեալ համառօտ ակնարկին մէջ՝ կարելի է նկատել, թէ Աստուծոյ Խօսքը չի՛ ներկայանար որպէս վերացական ընդհանուր տեսաբանութիւն մը, այլ որպէս մարդուն ճանապարհին ընկերացող մը, ասիկա նաեւ տագնապի, դժուարութեան, տառապանքի կամ այլ բանի դիմաց գտնուող ընտանիքներուն համար է, որոնց Աստուած ճանապարհին աւարտը ցոյց կու տայ, երբ Ան «անոնց աչքերէն արցունքը պիտի սրբէ, եւ այսպէս՝ մահ, արցունք, ճիչ եւ տառապանք վե՛րջ պիտի գտնեն». (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4)։

Երբ ուշադրութեամբ կարդացուի՝ ՃԻԸ-րդ սաղմոսին սկիզբը՝ սաղմոսերգուն Հայրը ներկայացուցած է իբր «աշխատաւոր» մը՝ որ Իր ձեռքերուն վաստակով՝ կարող է իր ընտանիքին ֆիզիքական բարեկեցութիւնը եւ ընտանիքին անդորրութիւնը ապահովել. «Երանի՜ քեզի, որովհետեւ ձեռքերուդ վաստակովը պիտի սնանիս». (ՍԱՂՄ. ՃԻԸ 2), ուստի եւ աշխատանքը մարդկային արժանապատուութեան հիմնական մէկ մասը ըլլալը կ՚եզրակացուի Սուրբ Գիրքին առաջին էջերէն իսկ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 1, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2026