«ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՄՇՏԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՎԵՐՋԻՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ԱՌՆՈՒԾ ՔԱՅԼԵՐԸ»

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ ուժը Ատրպէյճանինն է եւ փոխադարձաբար։

Ատրպէյճանի Յաղթանակի օրուան եւ Պետական դրօշի օրուան կրկնակ առիթներով Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ «Կազի» բանակատան մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որուն նախարար Եաշար Կիւլէրի առընթեր ներկայ էին՝ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Սելչուք Պայրաքթարօղլու եւ բանակի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը։

Հաւաքոյթի ելոյթի ժամանակ Եաշար Կիւլէր յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան մշտական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ վերջին շրջանին առնուած քայլերը։ «Սա Կովկասի տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման զարգացման համար կարեւոր հնարաւորութիւն մըն է», ըսաւ նախարարը։

Ելոյթին տեւողութեան Եաշար Կիւլէր խօսեցաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութեան շուրջ։ Արդարեւ, խոր եւ հասարակաց անցեալի ժառանգութիւնը կ՚իմաստաւորէ ներկան եւ, միեւնոյն ժամանակ, կը վերահաստատէ ապագայի վերաբերեալ միասնականութիւնը։ Նախարարը շեշտեց, որ կողմերու համագործակցութիւնը օրինակելի է՝ մանաւանդ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներու պարագային։ Համատեղ զօրավարժութիւնները, փոխադարձ կրթական գործունէութիւնը, պաշտպանական արդիւնաբերութեան համագործակցութիւնն ու թեքնոլոժիներու փոխանակումը կը համարուին երկու երկիրներու անխախտ վստահութեան դրսեւորումը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7, 2025