Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած հակաեկեղեցական արշաւը՝ մանաւանդ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ակնյայտ թիրախաւորումը հետզհետէ լայն արձագանգ կը գտնէ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) խոր մտահոգութիւն յայտնեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ վեց սրբազաններու դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթի շրջանակներէն ներս կը սպասուի նոր դատաւորի մը նշանակման։ «Իշխանութիւնը պարտաւոր է գործել՝ առանց եկեղեցւոյ ձայնը լռեցնելու որեւէ նպատակի կամ ընտրովի վերաբերմունքի»։ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւն. «Անընդունելի է դատական գործընթացի թիրախ դարձնել Վեհափառ Հայրապետը, որու դատարան ներկայանալու պարտադրանքին ենթարկումը առանձնապէս մտահոգիչ եւ վտանգաւոր նախադէպ մը կը ստեղծէ»։ Սուրբ Աթոռը կոչ կ՚ուղղէ՝ պաշտպան կանգնիլ հայոց եկեղեցւոյ ազատութեան, միասնականութեան, ինքնավարութեան եւ արժանապատուութեան՝ քանի Նորին Սրբութեան դէմ որեւէ  հարուած սպառնալիք է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջական կառոյցին, հայ ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան, ազգային ինքնութեան եւ պետական հիմքերուն։  

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկուան միասնական աղօթքի ընթացքին հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ: 

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի նուիրականութիւններուն, խղճի ու կրօնի ազատութիւններուն դէմ բիրտ ոտնձգութիւն, որ ծնունդ կու տայ համատարած մտահոգութեան եւ արդար ընդվզումի. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շինծու մեղադրանքով դատարանի առջեւ։ Քաղաքական տխուր պատուէր։ Դատաւոր Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ ներկայացնելով հրաժարեցաւ գործը քննելէ, սակայն, քրէական ապօրինի վարոյթը պիտի շարունակուի։ Վաղարշապատի փողոցներուն մէջ, ի զօրակցութիւն վեհափառ հայրապետին՝  յաղթական հնչեցին «էջ միածինն ի հօրէ» շարականն ու կոմիտասի անժամանցելի հայրապետական մաղթանքը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մեր օրերուն իշխանութիւններու եւ իշխանական կառոյցներու կողմէ քայլեր կը ձեռնարկուին եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը վնասելու, ինքնավարութիւնը սահմանափակելու եւ եկեղեցին իրենց կամքին հպատակեցնելու համար։ Ցաւով կ՚անդրադառնանք, որ մեր Սուրբ Եկեղեցին ու հոգեւորականները իշխանութիւններու կողմէ կ՚ենթարկուին հետապնդումներու: Ապօրինի եւ շինծու քրէական գործերով կալանք եւ ազատութեան սահմանափակումներ կիրառուած են շարք մը եկեղեցականներու, ազգային բարերարի եւ ազգանուէր ու եկեղեցասէր այլ անձերու դէմ»։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Անոնք,  որոնք կոչուած են Աստուծոյ ծառայութեան՝ սուրբ ծառայութեան, այսինքն քահանայութեան, պէտք է զԱստուած ներկայացնեն իրենց սուրբ ծառայութեամբը, հետաքրքրական է տեսնել, թէ ի՛նչ կ՚ընեն անոնք Աստուծոյ համար։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ներկայ աշխարհին մէջ մեծ զարգացում ապրեցաւ զբօսաշրջութիւնը եւ բազմաթիւ երկիրներ սկսան մեծ եկամուտներ ապահովել այդ ոլորտէն:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ազգերու պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ են այն պարագաները, դէպքերն ու իրադարձութիւնները, երբ արտաքին թշնամիները պատճառ դարձած են ծանր կորուստներու, սակայն, աւելի վտանգաւոր եղած են եւ են ա՛յն ախտերը, զորս ներսէն կը քայքայեն ժողովուրդը։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստանի մէջ, 1964 թուականին, կը ստեղծուի «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէութիւն» մը, որուն նախագահութեան մաս կը կազմէին Սիլվա Կապուտիկեան, Վիկտոր Համբարձումեան, Վարդգէս Համազասպեան եւ այլ մտաւորականներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

​8 օգոստոսին ծնած գրական երկու դէմքեր - Ստեփան Շահպազ (Ատանա, Օսմանեան կայսրութիւն, 8 օգոստոս 1900 - Եգիպտոս, Աղեքսանդրիա, 21 յուլիս 1994)՝ իր ծննդեան 126-ամեակով, եւ Վախթանգ Անանեան (Պօղոսքիլիսա, Շամախեան գիւղ, Ռուսական կայսրութիւն, այժմ՝ Դիլիջան, 8 օգոստոս 1905 - Երեւան, 4 մարտ 1980)՝ իր ծննդեան 121-ամեակով, իրարմէ հինգ տարի տարբերութեամբ, սերնդակից գրողներ են:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

​Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վրայ, որու հիմնադրութեան 250-ամեայ յոբելեանը կը նշուի: Յոբելենական այս շրջանին, Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած, ամբողջութեամբ բարեզարդուած է՝ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ջանքերով:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ երէկ ուշ գիշերուայ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է Վանուհի Մարգարի Սեդրակեան՝ անողոք հիւանդութեան հետեւանքով: Հանգուցեալը երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր եւ մանագիտութեամբ բժշկուհի:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

Երէկ, Անգարա-Ռիատ-Իսլամապատ առանցքին վրայ առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը: Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան պաշտօնապէս ռազմական դաշինք մը ստեղծեցին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սիրոյ ամենէն վտանգաւոր կողմերէն մէկն ալ տրամաբանութեան կորուստն է՝ մանաւանդ տխրութեան եւ յուսահատութեան պահերուն։ Մարդ կը սկսի երկարաժամկէտ հետեւանքները այնքան ալ նկատի չունենալ եւ վտանգներն ու երեւոյթները ճշգրիտ ձեւով չվերլուծել։ 

 

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

​Երէկ, Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքէն ներս տեղի ունեցաւ Վարդավառի տօնակատարութիւն: Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն կատարուած այս արարողութիւնը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութիւններու համաշխարհային խորհուրդի անդամ ընտրուած է սփիւռքահայ յայտնի գործիչ տքթ. Հրայր Ճէպէճեան:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահը մեծ պատուի արժանացած: Վահագն Խաչատուրեան Երեւանի մէջ առաջին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրեց Սեմ Սիմոնեանը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

Փաշինեան մասնակցեցաւ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներու հերթական ժողովին: Օվերչուք վերստին բարձրաձայնեց Հայաստան-Ռուսաստան տարակարծութիւններու առկայ դրսեւորումները:

 

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին: Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ՝ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընի կողմէ: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

«Reuters» գործակալութեան հրապարակումը կը կրէ՝ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդը դատարանի առջեւ․ կը խորանայ իշխանութիւն-եկեղեցի դիմակայութիւնը»:

Էջեր