ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՐԾԱԿՑԻԼ
«Որովհետեւ մենք պարզապէս Աստուծոյ գործակիցներ ենք…». (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 9)։ Մարդիկ, ընդհանրապէս, աւելի գործիքին կը վստահին քան՝ Աստուծոյ, եւ առանց իրենց կողմէն բան մը ընելու՝ կ՚ակնկալեն, որ Տէրը գործէ իրենց մէջ եւ փրկուին։ Ճի՛շդ է, որ Աստուած կարող է հրաշքներ գործել, ո՛չ մէկ կասկած, Ան կը հրաշագործէ առանց ոեւէ մէկու միջոցով, առանց մադրուս գործակցութեան։ Սակայն, Աստուած կ՚ուզէ, որ մարդն ալ իրեն ինկած բաժինը բերէ Իրեն գործակից ըլլալով։
Յայտնի ամերիկացի աստուածաբան տքթ. Ա. Թ. Սքաֆիլտ իրական կեանքէ առնուած դէպք մը կը պատմէ։
«Ընկերային հաւաքոյթէ մը վերջ, Լոնտոնի թերթերէն մէկուն թղթակիցը հեգնական շեշտով մը ըսաւ, թէ այդ գիշեր ներկայ պիտի ըլլար տքթ. Ր. Ա Թօրիի բանախօսութեան»։ Տքթ. Սքաֆիլտ ինք եւս ներկայ կ՚ըլլայ այս բանախօսութեան եւ կը տեսնէ, թէ իսկապէս այդ երիտասարդ թղթակիցը խօսքը յարգելով եկած էր։ Տքթ. Թօրիին այդ օրուան բանախօսութիւնը կրկնութիւններով լեցուն էր. միօրինակ եւ միապաղաղ։
Սակայն, զարմանքը մեծ կ՚ըլլայ, երբ կը տեսնէ կարծրասիրտ թղթակիցը՝ որուն աչքերէն այտէն ի վար արցունք կը հոսէր, եւ բանախօսութենէն վերջ կը տեսնէ բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք փափաքելով Քրիստոսը իբրեւ իրենց անձնական փրկիչը ընդունելու համար կը սպասէին սրահին մէջ։ Ներկայ մը կը պատմէ, թէ տքթ. Թօրիի կատարած ժողովներու ընթացքին, դրան առջեւ իր ամէն օրուայ բանախօսութիւնները կը ծախուէին եւ այդ բոլորով մէկտեղ միշտ համակիրներ անպակաս էին։
Տէրը հրաշալիօրէն կը գործէ Իր Խօսքին քարոզութիւնով եւ ատենախօսութեամբ։ Եւ այսպէս մարդը կ՚ընէ Իրեն գործակից…
Մարդուն Աստուծոյ գործակցութեան երկրորդ վկայութիւն մը, որուն կը վկայէ Փիթըր Մաք Քրոսթի։ Ան երկար տարիներ Կլասքոյի (Սկովտիա) մէջ աւազակներու եւ ոճրագործներու մէջ գործած էր։ Օր մը համալսարանի մէջ աստուածաբանութիւն դասաւանդող ուսուցիչ մը փափաք կը յայտնէ՝ օր մը այցելել Մաք Քրօսթիի աստուածաբանական կեդրոնը։ Ան կ՚երթայ եւ հոն՝ ներկաներուն կը բանախօսէ։
Յաջորդ օրը, այս դասախօսը կը հանդիպի պաշտօնակից բարեկամի մը եւ անոր այսպէս կ՚արտայայտուի. «Երէկ գիշեր ինծի պատահեցաւ շատ տարօրինակ բան մը, որ բոլոր պաշտօնավարութեանս ընթացքին այսպիսի բանի մը ականատես չէի եղած։ Բանախօսութեանս ընթացքին տասնմէկ հոգի ապաշխարեցին, Քրիստոսը ընդունելով իրենց անձնական Փրկիչը։ Ինծի անհասկնալի կը թուի այս»։
Երբ այս խօսքերը աստուածաբան Մաք Քրոսթիի ականջը կը հասնին, ան այսպէս կ՚արտայայտուի.
«Մենք միշտ փրկուողներ կ՚ակնկալենք. մեզի համար քարոզողին ով ըլլալը կարեւոր չէ։ Մենք Աստուծոյ կը վստահինք եւ ո՛չ մարդոց։ Ան ալ միշտ հոգիներ կը շնորհէ մեզի…»։
Երկու պարագաներուն մէջ ալ գործողը Աստուած է Իր զօրութեամբ եւ Հոգիով եւ ո՛չ թէ մարդը։ Առաջինին մէջ հաւատակիցներու աշխատանքին, աղօթքներուն եւ ծոմապահութեան արդիւնքն է։ Իսկ երկրորդին՝ քարոզիչին հոգեւոր նուիրումը եւ հաւատքը պատճառ եղան այս օրհնեալ արդիւնքը ձեռք ձգելու։
Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, ծալլապատիկ նստելով եւ այս կամ այն քարոզիչին այցելութեան կամ խօսքին սպասելով պտուղի չսպասենք, այլ աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ գործելով Աստուծոյ հետ գործակցինք՝ «հող»ը պատրաստելով։ Եւ այսպէսով հոգիներու փրկութեան սրբազան գործին մասնակից եւ բաժնեկիցներ ըլլանք։ Այսօր նիւթականացած եսապաշտ աշխարհին վրայ՝ աղաղակող եւ հրամայական պահանջք մըն է Աստուծոյ գործակցիլ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 17, 2026, Իսթանպուլ