Առաջնորդուիլ ծրագրաւորեալ եւ նպատակասլաց քայլերով… (1)
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ օրակարգի հարցերը, սովորաբար, կը քննարկուին տօնական հաւաքոյթներու ընթացքին։ Սա տրամաբանականօրէն որքան որ ալ հիմնաւորուած չըլլայ՝ գործնականօրէն ձեւաւորուած նախընթաց է։ Զատիկին ալ եղաւ նոյնը։ Բարեբախտաբար, փոթորկալի մթնոլորտ չկար, սակայն, Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութեամբ։
Պոլսահայ կրթական համակարգի յարատեւ անարդիւնաւէտութեամբ պայմանաւորուած իրավիճակը այլեւս հասած է համայնքային կեանքը ընդհանրապէս գրաւի տակ առնելու համեմատութեան։ Մակերեսայնութիւն է՝ հարցերը պատկերացնել նիւթական անբաւարարութեամբ կամ աշակերտներու սակաւութեամբ։ Բուն հարցը ահագնացած այլանդակումն է. հայկական վարժարանները չեն ծառայեր իրենց լինելութեան նպատակին, շեղած են իրենց առաքելութեան ճանապարհէն։ Հայերէնի, անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի որոշ մակարդակի մը, իմացութիւնը, մայրենիով հաղորդակցելու հնարաւորութիւնը դադրած են առաջնահերթութիւն ըլլալէ։ Դպրոցները յաչս համայնքին դարձած են վայրեր, ուր տղաքը ձաւով մը կը պատսպարուին կամ ապաստան կը գտնեն։ Առաքելութենէն բխած առանձնայատկութիւններով մարդուժի յաւակնոտ պատրաստութիւնը վաղուց կէտ նպատակ չէ։
Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը մէկ կողմէ տեղեկացուց, որ դպրոց փակելու կամ միացնելու դէմ դրած վեթոն բաւ կը համարէ, իսկ միւս կողմէ հերթական ահազանգը հնչեցուց հայերէնի համար։ Սա իսկապէս անկիւնադարձային պահ մը կը սահմանէ եւ, խորքին մէջ, ուղիղ համեմատութեան մէջ է վերջին շրջանի իր պատգամներուն հետ։
Այս կէտէն սկսեալ վաղը կը մանրամասնենք։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ