ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար ներկայիս ամէն բան անհասկնալի է եւ կը դժուարանանք շատ յաճախ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի մեր հետ եւ մեր չորսդին:

Պատասխան. Սողոմոն իմաստուն կը գրէ. «Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար, բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան» (Առ 28.5):

Այս համարը կը կարծեմ վերոնշեալ հարցումին ամենէն լաւ եւ զօրաւոր պատասխանն է: Արդարեւ, գաղտնիք չէ, որ ներկայիս մարդը չարացած է, շա՜տ չարացած է եւ իր այդ չարանալը աչքերը սկսած են խամրեցնել՝ կարենալ տեսնելու համար ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու իրաւունքը:

Ասկէ մեկնելով, կրնանք ըսել, որ այսօրուան այդ անհասկնալիութիւնը շատ յաճախ կախում ունի մեզմէ, մեր պահուածքէն, մեր վարք ու բարքէն: Եթէ չարութեան մէջ ենք, չարութեամբ աղտոտուած ենք, ապա դժուար թէ կարենանք հասկնալ ո՛չ միայն իրաւունքը, այլեւ մեզի հետ կամ մեր չորս կողմը կատարուող դէպքերը: Ճիշդ հակառակը, սակայն, երբ մարդ զԱստուած կը փնտռէ, ապա այդպիսիին համար ամէն բան հասկնալի կ՚ըլլայ, աւելի ճիշդ, այդպիսին Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ օգնականութեամբ, կը կարենայ ամէն բան հասկնալ եւ իմաստութեամբ վարուիլ իրողութիւններուն եւ դէպքերուն հետ:

Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այս համարին մասին կը գրէ. «Չարերը իրաւունքը չեն հասկնար, որովհետեւ գործնականապէս չեն փորձեր զայն, նոյնիսկ եթէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ անդամ ըլլան անոնք եւ նշանակելի դերակատարութիւն ունենան անոր մէջ: Իսկ ան, որ Տէրը կը փնտռէ եւ կը գտնէ զԱյն, ապա իմաստութեամբ եւ գիտակցութեամբ կ՚ընթանայ»:

Առակագիրին վերոնշեալ համարը լաւապէս հասկնալու համար, կ՚արժէ կարդալ Սրբազան Պօղոս առաքեալին հետեւեալ տողերը.

* Սակայն, հոգեւոր կատարելութեան հասածներուն իմաստութիւն կը քարոզենք: Բայց մեր քարոզածը ո՛չ այս աշխարհի իմաստութիւնն է, ո՛չ ալ այս աշխարհը կառավարող ուժերունը, որոնց իշխանութիւնը շուտով պիտի խափանուի: Մեր քարոզածը Աստուծոյ իմաստութիւնն է, որ թաքուն էր եւ մեզմէ ծածկուած կը մնար մինչեւ հիմա, բայց որ Աստուած սկիզբէն իսկ, յաւիտեաններէն առաջ մեզի տալ սահմանած էր, որպէսզի անով մենք փառաւորուինք: Այս աշխարհի իշխաններէն ոեւէ մէկը չհասկցաւ այդ իմաստութիւնը. որովհետեւ եթէ հասկցած ըլլային՝ խաչը չէին հաներ Տէրը, որ այդ փառքը պարգեւողն է: Սակայն, ինչպէս գրուած է.

«Աստուած զԻնք սիրողներուն համար
պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ
որեւէ աչք չէ տեսած,
որեւոէ ականջ չէ լսած,
եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած»:

Բայց Աստուած մեզի յայտնեց այդ խորհուրդը Իր Հոգիին միջոցաւ, որովհետեւ Հոգին, որ ամէն ինչ կը քննէ, գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ ծրագիրները: Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ մարդուս խորհուրդները ճանչնալ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն մարդուս հոգին, որ իր մէջն է: Նոյնպէս ալ ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ Աստուծոյ խորհուրդները, եթէ ոչ՝ Աստուծոյ Հոգին: Արդ, մենք այս աշխարհի հոգին չէր որ առինք, այլ՝ Աստուծմէ ղրկուած Հոգին, որպէսզի ճանչնանք Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւները: Եւ ինչ որ կը խօսինք՝ մարդկային իմաստութեան բերումը եղող խօսքեր չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կողմէ սորվեցուած իմաստութեամբ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը բացատրենք հոգեւոր մարդոց: Աստուծոյ Հոգին չունեցող մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բերած ճշմարտութիւնները, որովհետեւ անոնք յիմարութիւն կը թուին իրեն. եւ չի կրնար զանոնք ճանչնալ, որովհետեւ անոնք միայն Հոգիով կը քննուին: Իսկ Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդը ամէն ինչ կը քննէ, բայց ինք ոեւէ մէկէն չի քննուիր: Ահա թէ ինչու Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.

«Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ,
որ կարենայ խորհուրդ տալ Անոր»:

Բայց մենք գիտե՛նք, թէ Քրիստոս ինչ կը խորհի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 139

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025