ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՊԱՊԸ

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին կը սգայ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի վախճանումը։ Ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը ցաւ կ՚ապրի, որ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովուապետը երկրաւոր կեանքէ հեռացած է Ս. Յարութեան տօնէն օր մը վերջ։ Թէեւ յուղարկաւորութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները հետզհետէ կը ճշդուին ու կը հրապարակուին, սակայն, արդէն պարզ է, որ վերջին յարգանքի մատուցման համար Սրբազան Պապի դագաղը այցելութեան պիտի բացուի վաղը, Ս. Պետրոսի տաճարի երդիքին տակ։ Պաշտօնական սուգի զուգահեռ՝ թէ՛ յուղարկաւորութեան եւ թէ Քոնքլաւի համար պատրաստութիւնները յառաջ տարուիլ սկսած են Վատիկանի կողմէ, որու իշխանութիւնը արդէն կարտինալներուն անցած է։ 88 տարեկան հասակին վախճանած Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը Պուէնոս Այրէսի մէջ, Արժանթին, ծնած էր՝ որպէս Իտալիայէ գաղթած ընտանիքի մը որդին։ Ան Կաթոլիկ եկեղեցւոյ 266-րդ պապն էր, առաջին ամերիկացին, առաջին Յիսուսեանը (Ժեզիւիտ) եւ վերջին աւելի քան հազարամեայ շրջանին Եւրոպայէ դուրս ծնած առաջին հովուապետը։

Պապի յուղարկաւորութեան պէտք է մասնակցին աշխարհի բոլոր կարտինալները եւ անոնց Վատիկան ժամանման համակարգումը այն հիմնական գործօնն է, որ կը պայմանաւորէ յուղարկաւորութեան թուականին ճշդուիլը։ Աւելին, ըստ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախընթացներուն՝ 15 օրուան ընթացքին պէտք է գումարուի կարտինալներու պապընտիր ժողովը՝ Քոնքլաւը, որուն կը մասնակցին մինչեւ 80 տարեկան բոլոր կարտինալները։ Այս պահու դրութեամբ, տեսանելի ապագայի անխուսափելի գործընթացները կը վերահսկէ կարտինալ Ժոզէֆ Ֆարրէլ, որ պապին կողմէ նշանակուած «քամերլենկօ»ն է։ Այս վերջինը քահանայապետի վախճանէն վերջ կը ստանձնէ Վատիկանի Առաքելական պալատի մատակարարումը եւ Քոնքլաւի անվտանգութեան ու կարգ կանոնին հսկողութիւնը։ Կարտինալ Ֆարրէլ, որ երէկ առաւօտ Վատիկանի «Տոմուս Սանթա Մարթա» համալիրի մատուռէն, Սրբազան Պապի բնակարանին մէջ վրայ հասած մահէն վերջ ըրաւ առաջին հրապարակումը։ Ան վերատեսուչն է Սուրբ Աթոռի աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի վերատեսչութեան։

Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին հրաժեշտ պիտի տրուի եւ իր յաջորդը պիտի ընտրուի՝ ըստ խստագոյնս պահպանուած արարողակարգի մը։ Այս պահու դրութեամբ քահանայապետի սենեակները կղպուած են ու ոեւէ մէկը իրաւունք չունի դպչելու փաստաթուղթերուն կամ անձնական իրերուն։ Քահանայապետի անվտանգութեան պահապան Զուիցերական պահակախումբի զինուորներն ալ այս շրջանին ի նշան սուգի իրենց գունագեղ համազգեստը փոխած են մուգ կապոյտի։

Ամենայն հաւանականութեամբ, վախճանեալ պապի մարմինը երեք օր մնայ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ։ Ըստ աւանդութեան՝ թէեւ յուղարկաւորութիւնն ալ պէտք է տեղի ունենայ նոյն վայրին մէջ, սակայն, այս պարագային կրնայ փոփոխութիւն մը ըլլալ։ Արդարեւ, Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի փափաքն էր թաղուիլ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճիօրէ տաճարին մէջ, ուստի յուղարկաւորութիւնն ալ կրնայ տեղի ունենալ այնտեղ։

Քոնքլաւը մայիսի 11-ին պէտք է սկսի Սիսթինեան մատուռին մէջ, ուր դռնփակ, խորհրդապահական պայմաններու ներքեւ պիտի ընտրուի նոր պապը։

Մինչեւ յուղարկաւորութիւնը կանոնական աղօթքներ եւ այլ ծիսակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան Վատիկանի մէջ՝ մինչ Վատիկանի Սուրբ Աթոռը հռչակուած է թափուր՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախընթացներով վաւերացուած է նաեւ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին մահը։

Թէ՛ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անմիջապէս արձագանգած են Սրբազան Քահանայապետի վախճաման։ Բոլորը կը յիշեն իր Հայաստան այցելութիւնը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ցաւակցականներ ուղարկած են Վատիկան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ալ իրադարձութիւններուն կը հետեւի ուշադրութեամբ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ուղարկած է ցաւակցական մը։ Հաւանական է, որ Վեհափառ Հայրապետը մասնակցի յուղարկաւորութեան՝ քանի իր գահակալութեան շրջանին կայ նման նախընթաց մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները առայժմ ոչինչ հրապարակած են այս մասին։

Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի վախճանը վրայ հասած է Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի գումարման 1700-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Հանգուցեալ Պապը նախատեսած էր այդ յոբելենական արարողութիւններուն համար Թուրքիա այցելել եւ անոնց մասնակցիլ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին հետ։ Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինած է, որ երկրաւոր կեանքի իր օրերը չեն ներած իրականացնել այդ ուղեւորութիւնը՝ դէպի Թուրքիա, Իզնիք, ուր կը գտնուի Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի գումարուած տաճարը։ Անգարան ալ արձագանգած է Սրբազան Քահանայապետի վախճանման. Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ուղարկած է ցաւակցական մը։

Այս բոլորէն վերջ, հաւանական է, որ նորընտիր պապը Թուրքիա գայ յոբելեանին մասնակցելու համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025