Շաբաթ 26, Ապրիլ 2025
ՍԻՒՆԻՔԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն շաբաթավերջին դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ թիրախաւորուած է Սիւնիքի մարզի Խոզնաւար բնակավայրը։ Դժբախտաբար Սիւնիքի պարագային նման դէպքերը վերջին շրջանին կը դառնան յաճախակի՝ մանաւանդ, որ մօտաւոր անցեալին երկու անգամ թիրախաւորուած էր նաեւ նոյն մարզի Խնածախ բնակավայրը։ Դէպքին հետեւանքով տուժածներ չկան, վնասուած է բնակարանի մը տանիքի արեւային ջրատաքացուցիչը։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025