ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մոսկուա կը շարունակէ ուշադրութեան առարկայ դարձնել Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Այս երեւոյթը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Ռուսաստան տարածաշրջանի յառաջատար դերակատարներէն մին է, իսկ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ ամբողջութեամբ վերափոխել Հարաւային Կովկասի հաւասարակշռութիւնները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինի հետ։ Երեւան-Մոսկուա այս շփումը յաջորդեց Անթալիայի չորրորդ դիւանագիտական ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս Թուրքիա-Հայաստան առանցքին վրայ խտացեալ շփումներ տեղի ունեցած էին. արտաքին գործոց նախարարներու, փոխ-նախարարներու եւ յատուկ բանագնացներու հանդիպումներ։ Ծանօթ է, որ Ռուբինեան Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ։ Ռուբէն Ռուբինեան Միխայիլ Կալուզինի հետ զրոյցի ընթացքին ալ շօշափեց Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Մոսկուան ալ հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու նպաստել Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ ընդհանուր լեզու գտնելու ուղղեալ գործընթացին։ Արդարեւ, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւումը կարեւոր գործօն է Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ կայուն զարգացման համար։ Այս ամբողջին մէջ Ռուբինեան Կալուզինին տեղեկացուց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին իրադարձութիւնները։

Բաց աստի, զրուցակիցները կանգ առին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային համագործակցութեան շարք մը հարցեր։ Կողմերը ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ «3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի շրջանակները։ Հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ կողմերու միջեւ կարծիքի փոխանակումը անցած է շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցած էին նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին շաբաթավերջին այցելեց Պաքու, ուր Ատրպէյճանի պաշտօնակիցներուն հետ վարեց բանակցութիւններ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025