ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԳԵՏԻ ԵՐԿՈՒ ԱՓԵՐՈՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԷԿ ՈԳԻ
Ազգային մարզական միութեան (ԱՄՄ)-Հայ երիտասարդաց միութեան (ՀԵՄ) Սկաուտական շարժման երկրորդ բանակումը տեղի ունեցաւ 2026 թուականի օգոստոսի 3-7 թուականներուն միջեւ, Յորդանանի քրիստոնէական եւ Սուրբ Գիրքի հետքերով հարուստ Մատապա քաղաքին մէջ, վաթսուն մասնակիցներով, որոնցմէ երեսունը՝ Երուսաղէմէն ժամանած։
Երուսաղէմի ՀԵՄ-ը (1937թ.) եւ Ամմանի ԱՄՄ-ը (1955թ.) ականատես են, թէ հայ ոգին վառ է սփիւռքի մէջ։
Երեք տարի առաջ, ՀԵՄ-ի եւ ԱՄՄ-ի զոյգ ակումբներու սկաուտական ղեկավարութիւնները յղացան միացեալ շարժում մը սկսելու հանճարեղ միտքով՝ փաստելով, որ քաղաքական սահմաններով հանդերձ, Երուսաղէմի եւ Ամմանի հայ համայնքները, ինչպէս արդէն՝ Եկեղեցին, կը մնան զիրար շաղկապուած հարազատութեան ամուր թելերով։ Այս երիտասարդութիւնն է, որ վերականգնեց եւ նոր շունչ տուաւ մեր քոյր ակումբներու միասնական գործունէութեան։
ԱՄՄ-ՀԵՄ Սկաուտական շարժման երկրորդ բանակումին ունեցանք նաեւ երկու մասնակիցներ Պէյրութէն եւ երկու մասնակիցներ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Բանակումին տիրող խանդավառ մթնոլորտէն ոգեւորուած՝ Եգիպտոսի, Հալէպի եւ Իրաքի մեր քոյր ակումբներն ալ իրենց փափաքը յայտնած են մասնակցելու յաջորդ բանակումներուն։
Այստեղ մեր երիտասարդութեան նպատակը մէկ է՝ մնալ հայ, ապրիլ որպէս հայ եւ իրարու փոխանցել սէր, յարգանք ու միասնականութիւն, անշուշտ, նաեւ փորձառութիւն ու գիտելիքներ՝ յաջորդ սերունդները պատրաստելու, ապահովելու ազգի շարունակականութիւնը։ Նման ուժ արժանի է բոլորիս աջակցութեան եւ բարձր գնահատանքին։
Մարզական եւ մտային խաղերով, վայրի բնութեան մարտահրաւէրներով, արկածային մարզաձեւերով, ձեռային աշխատանքներով եւ հայկական մշակոյթի բազմաթիւ դրսեւորումներով հարուստ բանակումը կազմակերպուած էր ԱՄՄ-ի սկաուտապետ Էտուարտ Քէչիճեանի, ՀԵՄ-ի սկաուտապետ Յակոբ Ճռնազեանի եւ զոյգ սկաուտական յանձնախումբերու անդամներուն նուիրեալ ջանքերով։
Բանակումը աւելցուց բոլորին ինքնավստահութիւնը, բոցավառեց հայ ոգիի կայծը, զօրացուց բնութեան եւ Արարիչին հետ կապը եւ, միաժամանակ, երիտասարդները պատրաստեց դիմագրաւելու կեանքի տարբեր փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Մեր զոյգ ակումբներու սկաուտները միասնաբար՝ հայ ազգը գոյատեւելու համար պիտի պահպանեն ազգի նկարագիրը։ Բանակումները կը ստեղծեն ազգային գաղափարախօսութիւն. առանց գաղափարաբանութեան, համայնքը կը վերածուի հաւաքածոյի եւ շուտով կը հայաթափուի։ Մեր արժէքներուն պիտի գիտակցինք, որպէսզի ունենանք պահպանելու փափաքը։
Կոստան Զարեան կ՚ըսէ. «Ցեղը գերազանցապէս ռիթմ է։ Ռիթմն է, որ ոգին գոյացման կը բերէ, ուղղութիւն կու տայ անոր, կը շեշտաւորէ զայն, կը ներդաշնակէ եւ, մանաւանդ, կը պահէ անոր մէջ այն տեւականը, այն անմիջականը եւ այն ինքնուրոյնը, որոնք կը կազմեն մարդու կամ ցեղի հոգեկան դիմագիծը»։
Այս մտքին վրայ կառուցելով՝ Գագիկ Գինոսեան կ՚ըսէ. «Երբ, հանգամանքներու բերումով, ցեղը՝ ազգը, կը կորսնցնէ իր կշռութային ինքնուրոյնութիւնը՝ այսինքն՝ իրեն յատուկ, զինք բնորոշող ռիթմը, կը վերածուի խառնածին բազմութեան. բոլոր հոսանքներուն ենթարկուող եւ ո՛չ մէկ հոսանք ընդունող, բոլոր պարերը պարող, բայց մշտնջենապէս՝ անպար»։
Այսպիսի պատասխանատուութիւն շալկող եւ անշահախնդիր երիտասարդութեան ձեռքերուն կրնանք վստահիլ մեր սփիւռքի գոյութեան ռիթմն ու ազգային նկարագիրը։
Ամրապնդելով մեր ներկայութիւնը, կարեւորելով մեր դերը պատմութեան ընթացքին եւ արժեւորելով Երուսաղէմի ու Յորդանանի միաձուլուած հայկական ժառանգութիւնը՝ կրնանք աշխարհին ներկայացնել հայ սփիւռքի հնագոյն եւ շարունակական պատմութիւնը։ Այս գիտակցութեամբ միայն կը կարողանանք հայրենիքէն հեռու պահպանել մեր ազգի մեծագոյն հարստութիւնը՝ մեր մշակոյթը, արժէքներն ու ազգային ժառանգութիւնը։
Յիշենք այստեղ բարձր գնահատանքի արժանի, «Save the ArQ»ի կատարած հայապահպան եւ հայապաշտպան հերոսական աշխատանքը, ունենանք իրենց նախանձախնդրութիւնը մեր ժառանգի հանդէպ։
Կը մնանք շնորհակալ Յորդանանի Հաշիմական թագաւորութեան հովանաւորութեան եւ աջակցութեան, որոնք նպաստած են թէ՛ Յորդանանի եւ թէ Երուսաղէմի հայ համայնքներու գոյատեւման ու շարունակականութեան։
Մեր հարստութիւնը պաշտպանելով եւ տարածելով՝ կ՚ամրապնդենք հայ ազգի պատմական դիրքն ու ներդրումը համաշխարհային արժէքներու, մշակոյթի եւ պատմութեան մէջ։
Բանակումի աւարտին տեղի ունեցաւ շքեղ խարուկահանդէս մը՝ փշաքաղեցնող եւ հզօր ֆանֆարի մուտքով։ Ներկաները միասնաբար վկայեցին մեր հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու կամքին ու պայքարին՝ պահպանելու եւ շարունակելու հայ ազգը։
Խարուկահանդէսին ներկայ էին՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի միաբանութեան անդամ եւ Ամմանի հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ Տ. Տիրան վրդ. Յակոբեան, «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան Յորդանանի եւ Պաղեստինի առաքելութեան պետը՝ Իւան տէօ Մերսէյ, ինչպէս նաեւ ՀԵՄ-ի, ԱՄՄ-ի եւ երկրին մէջ գործող տարբեր հայկական միութիւններու վարչական անդամներ ու ներկայացուցիչներ, անդամներ, համակիրներ, Երուսաղէմէն ժամանած, ինչպէս նաեւ Ամմանի սկաուտներու ընտանիքները։
Ներկաները լեցուեցան հայեցի զգացումներով՝ տեսնելով Յորդանան գետի երկու ափերու քոյր ակումբներու միատարազ վաթսուն սկաուտները։
Խարուկահանդէսը, որուն հաղորդավարութիւնը ստանձնած էին՝ Սարին Կէճէքուշեան եւ Վիվիան Պետեւեան, հարուստ էր ՀԵՄ-ի ատենապետ Սագօ Ճռնազեանի եւ ԱՄՄ-ի ատենապետուհի Մարալ Ներսէսեանի խօսքերով, Արին Շարաֆի ասմունքային կատարողութեամբ, սկաուտներու ժողովրդական պարերով, Գայլիկներու ազգային երգերով, մետայլներու եւ յուշանուէրներու բաշխումով, խարոյկի ջերմ բոցով եւ «Պահպանիչ»ով։
Այս զոյգ համայնքներու յաջորդ աւանդական դարձած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան յունուարի վերջին կիրակի օրը՝ Յորդանան գետի երկու ափերու ուխտագնացութեամբ։
ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
Ամման, Յորդանան, 25 օգոստոս 2026
(*)Ազգային մարզական միութեան ատենապետուհի