ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը նշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ: Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ օգոստոս ամսուան եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցան տօնախմբութիւնները, որոնք հոգեւոր հրճուանքի առիթ դարձան: Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 169-րդ եւ վերակազմութեան 44-րդ կրկնակ տարեդարձներու արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ խօսեցաւ քարոզ մը: Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վարդապատ Տամատեան: Ներկայ էր նաեւ Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան: Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն սարկաւագ Թեքիրօղլուի:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկչուեցան՝ դպրաց դասու բոլոր հիմնադիրները, դպրապետները, երաժշտապետները, վարչայինները, անդամներն ու սատարողները, որոնց յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ՝ ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամները: Ս. Պատարգի եւ հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տարեդարձը նշուեցաւ պատշաճ ոգեւոր մթնոլորտի մէջ:
Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը: Տարեդարձի առթիւ սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ եկեղեցւոյ գետնայարկի սրահին մէջ, ուր բոլորը համակուած էին մեծ ուրախութեամբ: Դպրապետ Արթուն սարկաւագ Թեքիրօղլու հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որով անդրադարձաւ տնօրէն խորհուրդի գործունէութեան: Բացի այս տեղեկագրի ներկայացումէն՝ մասնաւորապէս ամրան շրջանին դպրաց դասու գործունէութեան մասնակից մանուկներն ու պատանիներն ալ ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուեցան երգչախումբի բոլոր պատասխանատուներուն կողմէ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ձեռամբ հատուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը՝ մինչ սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ իր հուսկ բանքով: