ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐԺԷՔ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցած էր՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի: Նիստերը վարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանական խորհուրդի ատենապետ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան։ Ներկայ էին նաեւ Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Պատրիարքական աթոռներու ներկայացուցիչները: Ինչպէս հաղորդած էինք, ԳՀԽ-ի նստաշրջանին մասնակցելու համար Պատրիարքական Աթոռին անունով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով ալ նստաշրջանին մասնակցեցաւ Տ. Թէոդորոս եպիսկոպոս Զաքարեան։ 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ նստաշրջանի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու՝ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ հիմնախնդիրներու, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ քրէական վարոյթներու եւ իրաւական գործընթացներու մասին զեկուցումներով հանդէս եկան՝ իրաւաբաններ Գէորգ Դանիէլեան եւ Արա Զօհրապեան։ 

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս քննարկուած օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն եւ կառավարութեան ծրագրին մէջ ներառուած՝ Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ դրոյթներուն։ Ներկայացուեցան խտրական վարչարարութեան, եկեղեցւոյ առաքելութեան խոչընդոտման եւ եկեղեցականներու դէմ բռնաճնշումներու դրսեւորումները, ինչպէս նաեւ եկեղեցական իրաւունքներու պաշտպանութեան պետական ներքին ու միջազգային իրաւական հնարաւորութիւններն ու ծրագրուած քայլերը։ 

ԳՀԽ անընդունելի նկատեց իշխանութիւններու՝ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելու շարունակական քաղաքականութիւնը եւ պետական լծակներու գործադրմամբ իրականացուած բռնաճնշումներն ու սահմանափակումները։ Արձանագրուեցաւ, որ նման գործողութիւնները կ՚ոտնահարեն եկեղեցւոյ ինքնավարութեան եւ հաւատացեալներու խղճի ու կրօնի ազատութեան սահմանադրական երաշխիքները։ 

ԳՀԽ դատապարտելի համարեց իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ սահմանադրական կարգավիճակի ոտնահարումը եւ հրամայական նկատեց հոգեւոր սպասաւորներու բնականոն ծառայութիւնը խաթարող խոչընդոտներու վերացումը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Պապայեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բնականոն գործունէութեան ընթացքին յարուցուող արհեստական խոչընդոտները՝ մասնաւորապէս բարեգործական, կրթական ծրագրերու իրականացման, գոյքային իրաւունքներու արձանագրման եւ շինարարական թոյլտուութիւններու տրամադրման գործընթացներու անհարկի մերժողական կեցուածքը։ 

Ժողովականները քննարկեցին առկայ խնդիրներու կարգաւորման եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի իրաւունքներու պաշտպանութեան հնարաւոր ուղիները՝ ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ հոգեխնամ, կրթական, բարեգործական ազգօգուտ ծրագրերու խոչընդոտումը մեծապէս վնաս կը հասցնէ ազգային շահերուն, մասնաւորապէս՝ նոր սերունդի կրթադաստիարակչական աշխատանքներու եւ եկեղեցւոյ բազմոլորտ առաքելութեան անխափան իրականացման։

Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը կանոնակարգող կանոնադրական փաստաթուղթերու լրամշակման վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը եւ Արա Զօհրապեան։ 

ԳՀԽ քննարկեց ներկայացուած առաջարկները եւ թելադրեց շարունակել փաստաթուղթերու լրամշակումը՝ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական սկզբունքներուն եւ նուիրագործուած աւանդութիւններուն համապատասխան։ 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ զեկոյցով մը հանդէս եկաւ՝ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Յուսիկ աբեղայ Սմբատեան, որ անդրադարձաւ դիմորդներու ներգրաւման, կրթութեան որակի բարձրացման եւ դասախօսական կազմի համալրման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։

Խորհուրդը կարեւորեց նախանձախնդիր, նուիրեալ եւ գիտակ հոգեւորականներու պատրաստման առաքելութիւնը՝ ընդգծելով ուսումնական ծրագրերու մշակման, առարկայացանկի եւ մեթոտաբանութեան վերանայման, դասախօսական կազմի համալրման, սաներու աստուածաբանական գիտելիքներու խորացման եւ հովուական հմտութիւններու զարգացման հրամայականը։ 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա եպիսկոպոս Բաղումեան ներկայացուց համայնքներէն ներս քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմակերպման նպատակով հոգեւոր հովիւներուն տրամադրուելիք ուղեցոյց-ձեռնարկի պատրաստման, կիրակնօրեայ դպրոցներու միաս-նական համակարգի ձեւաւորման, կրթական ծրագրերու եւ ուսումնամեթոտական նիւթերու մշակման աշխատանքներու ընթացքը։ 

ԳՀԽ գոհունակութեամբ ընդունեց զեկոյցը՝ թելադրելով թեմերու եւ հոգեւոր հովիւներու հետ համագործակցութեամբ գործնական քայլեր ձեռնարկել կիրակնօրեայ դպրոցներու գործունէութեան ընդլայնման եւ հոգեւոր-կրթական ծրագրերուն երեխաներու ու պատանիներու մասնակցութիւնը խթանելու ուղղութեամբ։  

Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ թեմերու գործունէութեան եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ այլ հարցեր: 

Նստաշրջանը ամփոփուեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2026