«IDIOCRACY»․ ԱՊԱԳԱՅԻ ՄԸ ԾԻԾԱՂԵԼԻ, ԲԱՅՑ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

Կան ժապաւէններ, որոնք կը դիտենք, կը խնդանք եւ վերջաւորութեան կը մոռնանք։ Կան նաեւ ժապաւէններ, որոնք առաջին հայեացքով թեթեւ, չափազանցուած ու անհեթեթ կը թուին, բայց տարիներ անց, երբ իրական կեանքը սկսի անոնց տեսարաններուն որոշ չափով նմանիլ, կը հասկնանք, թէ որքան անհանգստացնող բան մը դիտած ենք։ «Idiocracy»ն այդ ժապաւէններէն մէկն է։
2006-ին նկարահանուած այս երգիծական ժապաւէնը ապագայի մը մասին է, ուր մարդկային հասարակութիւնը աստիճանաբար կորսնցուցած է իր քննադատական մտածողութիւնը, գիտելիքի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը եւ երկարաժամկէտ մտածելու կարողութիւնը։ Ժապաւէնի ապագան դիտումնաւոր կերպով ծայրայեղացուած է․ մարդիկ աւելի ու աւելի անտարբեր դարձած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ հասարակական պատասխանատուութեան հանդէպ, մինչդեռ մակերեսային զուարճանքը, սպառումը եւ անմիջական հաճոյքը դարձած են կեանքի գլխաւոր չափանիշները։
Ժապաւէնը մեզի չի հարցներ միայն, թէ «ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդու ապագան»։ Ան աւելի անհանգստացնող հարց մը կը դնէ մեր առջեւ․ «Ի՞նչ կը պատահի հասարակութեան մը, երբ մարդիկ դադրին մտածելէ, բայց շարունակեն ունենալ որոշումներ առնելու ուժը»։
Ժապաւէնի ապագան առաջին հերթին գիտութեան եւ տգիտութեան միջեւ հակադրութիւն մը չէ։ Ան աւելի խոր խնդիրի մը մասին է՝ մտածելու սովորութեան կորուստին։ Մարդը կրնայ չգիտնալ որեւէ բան եւ միեւնոյն ատեն հետաքրքրուիլ, հարցնել, կարդալ ու սորվիլ։ Ան կրնայ սխալիլ, բայց փորձել հասկնալ իր սխալը։ Իսկ վտանգը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը ո՛չ միայն չի գիտեր, այլեւ չի զգար գիտնալու անհրաժեշտութիւնը։
«Idiocracy»ի աշխարհին մէջ այդ անտարբերութիւնը համընդհանուր երեւոյթ մը դարձած է։ Մարդիկ պատրաստ պատասխաններ կը փնտռեն, բայց չեն ուզեր հարցումներու ետեւէն երթալ։ Անոնք կը նախընտրեն այն տեղեկութիւնը, որ իրենց հաճելի է եւ կը մերժեն այն փաստը, որ իրենց համոզումներուն կը հակասէ։ Այս իմաստով ժապաւէնի ամենամեծ նախազգոշացումը գիտելիքի պակասը չէ, այլ գիտելիքի նկատմամբ անտարբերութիւնն է։
Այսօր այդ գաղափարը կրնայ մեզի աւելի մօտ թուիլ, որովհետեւ տեղեկութեան պակաս չենք ապրիր։ Ընդհակառակը՝ երբեք այսքան շատ տեղեկութիւն չէ եղած մարդու հասանելիութեան տակ։ Քանի մը վայրկեանի մէջ կարելի է գտնել հազարաւոր էջեր, տեսանիւթեր, ուսումնասիրութիւններ եւ կարծիքներ։ Բայց տեղեկութեան առատութիւնը ինքնաբերաբար իմաստութիւն չի ստեղծեր։ Երբեմն անոր հակառակ արդիւնքը կու տայ։
Մարդը կրնայ օրական ժամերով տեղեկութիւն սպառել եւ գրեթէ ոչինչ հասկնալ։ Կրնայ հազարաւոր կարծիքներ լսել եւ իր սեփական կարծիքը երբեք չձեւաւորել։ Կրնայ ամէն ինչի մասին տեսանիւթ դիտել, բայց ո՛չ մէկ բանի մասին խորութեամբ մտածել։
Եւ հոս է, որ «Idiocracy»ի ապագան կը դադրի պարզ կատակ մը ըլլալէ։
Ժապաւէնի մէջ հասարակութիւնը կորսնցուցած է նաեւ երկարաժամկէտ մտածելու կարողութիւնը։ Ամէն ինչ կը չափուի անմիջական արդիւնքով․ հիմա ի՞նչն է հաճելին, ի՞նչը՝ շահաբեր, ի՞նչը դիտում կը հաւաքէ, ի՞նչը ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Իսկ այն հարցումները, որոնց պատասխանը տասնամեակներ ետք պիտի երեւի, կը դառնան անկարեւոր։
Բայց քաղաքակրթութիւնները կ՚ապրին ո՛չ միայն այն որոշումներու շնորհիւ, որոնք այսօր օգտակար են, այլեւ այն զոհողութիւններու շնորհիւ, որոնք մարդիկ երէկ կատարած են վաղուան համար։
Կրթութիւնը երկարաժամկէտ ներդրում է։ Գիտութիւնը երկարաժամկէտ ներդրում է։ Մշակոյթը երկարաժամկէտ ներդրում է։ Բնութեան պահպանումը երկարաժամկէտ ներդրում է։ Երիտասարդ սերունդի լաւ դաստիարակութիւնը նոյնպէս երկարաժամկէտ ներդրում է։ Երբ հասարակութիւն մը միայն ներկային կը նայի, ապագան կամաց-կամաց կը դառնայ անոր պարտքը։
«Idiocracy»ի ամենահետաքրքրական կողմերէն մէկն ալ այն է, որ ժապաւէնը ապագայի բնակիչները ներկայացնելու համար միայն քաղաքականութիւնը կամ իշխանութիւնը չի քննադատեր։ Ան կը քննադատէ հասարակութեան ամբողջ մշակոյթը։ Երբ վատ ճաշակը կը դառնայ մեծամասնութեան ճաշակը, երբ մակերեսայինը կը դառնայ բնականոն, երբ աղմկոտը կը փոխարինէ հետաքրքրականին, իսկ պարզունակ պատասխանը՝ բարդ հարցումին, խնդիրը այլեւս անհատի մը կամ հաստատութեան մը խնդիրը չէ։ Այն ժամանակ հասարակութիւնը ինք կը սկսի ստեղծել այն աշխարհը, որմէ վաղը պիտի բողոքի։
Ժապաւէնին մէջ մարդիկ շատ բաներու վրայ կը ծիծաղին, որովհետեւ չափազանցուած են։ Սակայն, ծիծաղին տակ կայ շատ լուրջ գաղափար մը․ հասարակութեան մակարդակը որոշ չափով կը ձեւաւորուի այն բանով, ինչ որ ան կը պարգեւատրէ։
Եթէ մենք մշտապէս ուշադրութիւն դարձնենք ամենաաղմկոտ մարդուն, ան աւելի աղմկոտ պիտի դառնայ։ Եթէ պարգեւատրենք դատարկ բայց գրաւիչ խօսքը, մարդիկ աւելի շատ դատարկ բայց գրաւիչ խօսքեր պիտի արտադրեն։ Եթէ գիտելիքի փոխարէն վստահութիւնը գնահատենք, վստահ հնչող անգիտութիւնը կրնայ աւելի մեծ հեղինակութիւն ստանալ, քան փաստը։ Եթէ մտածելու փոխարէն միայն համաձայնիլ ուզենք, հասարակական քննարկումը աստիճանաբար կը վերածուի իրարու համոզումներուն կրկնութեան։ Եւ այս բոլորը ի վերջոյ կը ստեղծէ աշխարհ մը, ուր մարդը այլեւս չի հարցներ՝ «արդեօք ճի՞շդ է», այլ կը հարցնէ՝ «քանի՞ հոգի այսպէս կը մտածէ»։ Սակայն, մեծամասնութիւնը երբեք ճշմարտութեան չափանիշ չէ եղած։
«Idiocracy»ի ապագայի մէկ այլ կարեւոր առանձնայատկութիւնն ալ այն է, որ մարդիկ կը դադրին տարբերել իրական կարիքը եւ արհեստական ցանկութիւնը։ Սպառումը կը դառնայ կեանքի հիմնական լեզուն։ Մարդուն պէտք եղածը այլեւս այնքան կարեւոր չէ, որքան այն, ինչ որ կարելի է վաճառել իրեն։
Այսպիսի հասարակութեան մէջ մարդը կը համոզուի, թէ երջանկութիւնը նոր բան մը ունենալու մէջ է, ինքնարժէքը՝ ուրիշներու ուշադրութեան մէջ, իսկ յաջողութիւնը՝ տեսանելիութեան մէջ։ Եւ այստեղ ժապաւէնը կը հասնի ժամանակակից մարդուն շատ աւելի մօտ։
Մենք կ՚ապրինք այնպիսի շրջանի մը մէջ, ուր մարդուն ուշադրութիւնը դարձած է ամենաթանկ ապրանքներէն մէկը։ Ամէն բան կը պայքարի մեր աչքին, ականջին եւ մտքին հասնելու համար։ Որքան աւելի արագ բովանդակութիւն, այնքան աւելի դիւրին սպառում։ Որքան աւելի ուժեղ զգացում, այնքան աւելի մեծ արձագանգ։ Իսկ խորութիւնը ժամանակ կը պահանջէ։ Եւ ժամանակակից մարդուն ժամանակը կարծես միշտ կը պակսի։
Արդիւնքը այն է, որ մենք կրնանք ապրիլ տեղեկութիւններով լեցուն, բայց մտքով դատարկ միջավայրի մը մէջ։ Այս պատճառով «Idiocracy»ն պէտք չէ հասկնալ որպէս ապագայի ճշգրիտ կանխատեսում։ Ժապաւէնը գիտական տեսութիւն մը չէ եւ չի փորձեր ապացուցել, թէ մարդկութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի դառնայ ժապաւէնին մէջ ներկայացուած հասարակութիւնը։ Ան աւելի շատ ծուռ հայելի մըն է, որ մեր ներկան կը մեծցնէ եւ մեզ կը ստիպէ նայիլ այն ուղղութեան, ուր կրնանք երթալ, եթէ որոշ սովորութիւններ շարունակենք։
Իսկ ամենասարսափելին այն չէ, որ ժապաւէնի ապագան ամբողջութեամբ կրնայ իրականանալ։ Ամենասարսափելին այն է, որ անոր որոշ փոքրիկ մասերը արդէն ծանօթ կը թուին։
Երբ գիտելիքը կը փոխարինուի վստահութեամբ, երբ փաստը կը փոխարինուի կարծիքով, երբ խորութիւնը կը փոխարինուի արագութեամբ, երբ կրթութիւնը կը դիտուի որպէս ժամանակի կորուստ, երբ մարդը իր կարծիքը կը կազմէ ո՛չ թէ կարդալով ու մտածելով, այլ պարզապէս տեսնելով, թէ ուրիշները ինչ կը մտածեն, մենք քայլ մը եւս կ՚ընենք դէպի այն ապագան, զոր «Idiocracy»ն կը ներկայացնէ երգիծանքով։
Բայց ժապաւէնին իսկական պատգամը յուսահատական չէ։ Որովհետեւ ապագան կանխորոշուած չէ։ Հասարակութիւնները չեն կործանուիր մէկ օրէն միւսը։ Անոնք կը փոխուին փոքրիկ սովորութիւններով։ Նոյնպէս, անոնք կրնան վերականգնուիլ փոքրիկ ընտրութիւններով։
Գիրք մը կարդալը փոքր քայլ մըն է։ Երեխայի մը հարցման համբերութեամբ պատասխանելը փոքր քայլ մըն է։ Սխալ բան մը լսելէ ետք «Ես սխալած էի» ըսելը փոքր քայլ մըն է։ Անհամաձայն կարծիք մը լսելը եւ զայն անմիջապէս չմերժելը փոքր քայլ մըն է։ Տեղեկութիւնը ստուգելը փոքր քայլ մըն է։ Եւ ամենակարեւորը՝ երբեմն լռելը եւ մտածելը փոքր քայլ մըն է։
Քաղաքակրթութիւնը միայն բարձր շէնքեր, արագ համակարգիչներ եւ նոր մեքենաներ չեն։ Քաղաքակրթութիւնը նաեւ մարդու՝ իր սխալը տեսնելու, ուրիշը հասկնալու, գիտելիք փնտռելու եւ ապագայի մասին մտածելու կարողութիւնն է։
«Idiocracy»ն մեզ կը ծիծաղեցնէ, որովհետեւ իր աշխարհը անհեթեթ է։ Բայց այդ ծիծաղը քիչ մը անհանգստացնող է, որովհետեւ երբեմն ծիծաղելի բաները չափազանցուած ճշմարտութիւններ են։
Գուցէ ժապաւէնի ամենամեծ հարցումը սա է․«Այսօր մեր կատարած ընտրութիւններով ինչպիսի՞ մարդիկ կը պատրաստենք վաղուան աշխարհին համար»։ Որովհետեւ ապագան օր մը յանկարծ չի հասնիր մեր դուռը։ Մենք զայն ամէն օր քիչ մը կը կառուցենք՝ մեր ընտրութիւններով, մեր ուշադրութեամբ, մեր լռութեամբ, մեր սովորութիւններով եւ նոյնիսկ այն բաներով, որոնց վրայ կը խնդանք։
Եւ գուցէ «Idiocracy»ի ամենամեծ նախազգուշացումը այն է, որ երբեմն ապագան մեզի կը ներկայացուի ո՛չ թէ այն բանի համար, որ անպայման պիտի իրականանայ, այլ որպէսզի մենք դեռ ժամանակ ունինք զայն չիրականացնելու։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ